զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
    Էջերու քանակ՝ 896
    Հրատարակիչ՝ Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո, Անտարէ
    Հրատարակութեան թուական` 2017

    Ֆրանսահայ գրականութիւն
    Գրականութիւն
    *Այսպէս է որ փորձառութեան լեզուն կը փոխէ..., զայն կ՚անդրափոխէ այլուր, այսինքն՝ դէպի գրող-յիշող ժամանակը։ Հասկնալի է. եթէ ֆրանսահայ գրականութիւնը

    *Այսպէս է որ փորձառութեան լեզուն կը փոխէ..., զայն կ՚անդրափոխէ այլուր, այսինքն՝ դէպի գրող-յիշող ժամանակը։ Հասկնալի է. եթէ ֆրանսահայ գրականութիւնը անորոշ թուականի մը աւարտած, ինքզինք լիովին եղած երեւոյթ մը նկատենք, անով եկող փորձառութեան ստանձնումը հազիւ թը կը սկսի։ Ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը՝ աքսորը նոր չէ, բայց սփիւռքային գոյութիւն մը վերստին յայտնուող, նորոգուող կեանք մըն է որուն «օրէնքները» կը վրիպին մեր հասողութենէն։ Որով անմիջական անցեալի մը մէջ կատարուած քրքրելը, զայն վերադարձնելը մտքին՝ առարկայական հետաքրքրութենէ մը աւելի նոր կենսաձեւի մտածման որոնում է։ (էջ 30)

    Վարկածաբար կարելի է ըսել. հոն ուր արեւմտեան աշխարհին հետ առճակատումը ամենէն սաստիկն է, այդ առճակատումը համարկելու ջանքը եւ ինքն իր անձին հարցադրումը ամենէն արդիւնաւէտը եղած են։ Հատումը վերածուած է ինքնութեան եւ երկերու ստեղծիչի։ (էջ 55)*

    Գրիգոր Պըլտեանի այս հատորը հայերէն լեզուով տարբերակ մը կը հրամցնէ ֆրանսերէն գրուած եւ լոյս տեսած աւարտաճառի մը, Cinquante ans de littérature arménienne en France. Du même à l'autre (CNRS Editions, Փարիզ, 1995)։ Հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Արփի Թոթոյեանի ձեռամբ, ու վերաշադրուած է հեղինակին կողմէ։ Յիսուն տարուան այդ ժամանակաշրջանը բաժնուած է հինգ հատուածներու («Կազմաւորման տարիներ», «Ստեղծագործ պայթումը», «ԴԷպի ցրուում», «Տեղատուութիւնը» եւ «Վերսկիզբ»)։ Ամէն մէկ շրջանի նուիրուած առաջին գլուխին մէջ հեղինակը կը զբաղի գրական խմբակներով, պարբերականներով, յայտարարութիւններով։ Յետոյ կու գայ երկերու ուսումնասիրութիւնը։ Նկատի առնուած են շատ մը անծանօթ մնացած գործեր։ Երկրորդ մասը (1929էն 1934 երկարող տարիներու արտադրութեան նուիրուած) «գրական համայնք»ի փորձը կ՚ուսումնասիրէ («Մենք»ի խմբակը նկատի առնելով) եւ վերջին գլուխով մը՝ աղէտի թեմային կ՚անդրադառնայ, ինչպէս որ ան գիրի բովէն անցած մեզի կը ներկայանայ։ Այս հայերէն տարբերակին առիթով՝ հեղինակը «Երկլեզու ցանցը» վերնագիրով յառաջաբան մը աւելցուցած է, ուր ֆրանսացի ընթերցողին ուղղուած եւ իմացական աշխարհը որպէս կռուան ունեցող գրուածքի մը ետ՝ դէպի հայերէն թարգմանութեան յարուցած հարցերուն կ՚անդրադառնայ։

    «Ֆրանսահայ գրականութիւն» գիրքը հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան օժանդակութեամբ։

    1/2