զատած էք՝

Հեղինակ՝ Քրիստիան Բատիկեան
Էջերու քանակ՝ 122
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2016
Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան
Պատմուածքներ
«Պետիկ զգուշաւոր քայլերով պիտի մօտենայ անկիւնի երկաթէ պահարանին։ Քիչիկ մը ճիգ, եւ տեղ տեղ կանանչ ներկի յիշատակներ պահպանած դռնակը կը բացուի։ Պետիկ անհամբեր պիտի տարտղնէ անցած աշնան չորցած տերեւները եւ իր գաղտնարանէն հանէ նայլընէ տոպրակի մէջ փաթթուած տրցակը։ Կամաց, նուրբ, կ՚ըսես սրբազան մասունքներ՝ մէկ մէկ պիտի տոպրակէն առնէ հինցած գրքոյկները, մատերուն ծայրերով պիտի շոյէ պատկերներուն խամրած գոյները եւ պիտի ջանայ յիշել տղան, որ նոյն կերպ շոյած է այս պատկերները, երբ անոնք թարմ էին տակաւին։ Տղան, զոր երբեք չէ ճանչցած»։
Կարօն, Լէօն, Հեղինէն, Այլինը, Պետիկը եւ միւս աղջիկները եւ տղաքը։ Բոլորն ալ կ՚ապրին այս քաղաքին մէջ, բոլորն ալ երազներ ունին, կը հաւատան իրենց երազներուն։ Երազները կը կորսուի՞ն։ Հապա՞ եթէ մեռնին անոնց հաւատացած սուփըր հերոսները։ Եօթը պատմուածք մանկութեան, բայց աւելի ճիշդ՝ կորսուած մանկութեան մասին։
«Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» գիրքը հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան օժանդակութեամբ։
- տեսնել
- գտնել


Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Մետաղէ երազներ
Վէպ
Բատիկեան Քրիստիան
