զատած էք՝

Հեղինակ՝ Կարօ Փօլատեան
Էջերու քանակ՝ 164
Հրատարակիչ՝ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական՝ 2019
Կը հրաժարիմ հայութենէ
Վէպ
«Անդրանիկին, այդ գիւղացի տղուն համար, իր հայութիւնը անցեալի մէջ կորսուած քաղցր յիշատակ մըն է: Պապենական ցած խրճիթը, գոմը, կենդանիները, բոլորն ալ պարտէզներու մէջ թաղուած, ուր երջանիկ եղած ըլլալ կը կարծէ ու կ՚ոգեկոչէ զանոնք, ամէն տեղ, ամէն ատեն, ցերեկները՝ աչքերը բաց, ամբողջ գիշերներ, երազին մէջ, մրմնջելով շարունակ անոնց անունը, ջերմութիւն ունեցող հիւանդի մը պէս»։
Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949-ին, Փարիզի մէջ։ Փօլատեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Կարօ Փօլատեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
«Կը հրաժարիմ Հայութենէ» մաս կը կազմէ «Սփիւռք մատենաշար»ին, որ մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- գտնել



Կապ հաստատել հրատարակիչին հետ՝ actualusartus@gmail.com