զատած էք՝

Հեղինակ՝ Նիկողոս Սարաֆեան
Էջերու քանակ՝ 49
Հրատարակիչ՝ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական՝ 2019
Անջրպետի մը գրաւումը
Բանաստեղծութիւններ
«Լարախաղաց սուրբ զինուոր՝ ես հազար պար պարեցի,
Բայց լարէն վար ես նորէն կը դառնամ կոշտ գիւղացի»։
«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
«Անջրպետի մը գրաւումը» մաս կը կազմէ «Սփիւռք մատենաշար»-ին, որ մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- գտնել



Կապ հաստատել հրատարակիչին հետ՝ actualusartus@gmail.com