զատած էք՝

Հեղինակ՝ Յակոբ Օշական
Էջերու քանակ՝ 287
Հրատարակիչ՝ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական՝ 2019
Խոնարհները
Պատմուածքներ
«Իր պզտիկութիւնը, երիտասարդութիւնը, հասուն մարդու կեանքը արժելով անցուցած Մոլոյին համար կ՚արժէր, որ այդ երջանկութիւնը նորէն տրուէր իրեն այս ծեր օրերուն մէջ։ Շատ ոտքերուն տուած էր հասկցնելու համար գիւղացիներուն, թէ ինք ուժով էր տակաւին, կրնար մէկ օրուան մէջ տաւարը ամէն արօտներու ալ հասցնել, բայց հաներ էին զինքը գործէ ու տեղն էր անցած իր ժմնուկ տղան, Մարկոսը»։
Խոնարհները վերնագիրով եւ հինգ պատմուածքներէ բաղկացող ժողովածու մը հրատարակուած է 1920-ին, Պոլսոյ մէջ, իսկ լման հրատարակութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1958-ին Պէյրութի մէջ։ Խոնարհները ընթերցողին կը ներկայացնէ գիւղի կեանքը, զանազան «խոնարհ» մարդոց կեանքերու ընդմէջէն։ Գիրքի վերջաւորութեան կայ նաեւ Յակոբ Օշականի հակիրճ կենսագրութիւնը։
«Խոնարհները» մաս կը կազմէ «Սփիւռք մատենաշարին», որ մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- գտնել


Կապ հաստատել հրատարակիչին հետ՝ actualusartus@gmail.com
Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Սփիւռք մատենաշար
Արեւմտահայերէն ընթերցելու հաճոյքը

Անջրպետի մը գրաւումը
Բանաստեղծութիւններ
Սարաֆեան Նիկողոս
