զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Փոքրիկ
    Հէքիաթներու աշխարհ
    «Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։ Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական

    «Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։

    Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ:

    «Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ զգացում եւ յարաբերութիւն, կայքէջը գործածողներուն եւ հէքիաթներու լեզուին միջեւ»։
    Կայքէջին վրայ կան համաշխարհային հէքիաթներուն, փոքր տարիքով գործածողներուն եւ նոր աւելցուած հէքիաթներուն նուիրուած յատուկ բաժիններ։

    «Փոքրիկ»-ը «Հէքիաթատօն» անունով յայտագիր մը ունի նաեւ, որուն ծիրէն ներս զանազան հանդիպումներ կը կազմակերպուին դպրոցներու մէջ։ Այս յայտագրին համաձայն՝ տուեալ դպրոցի մը աշակերտները խմբովին կը մասնակցին աշխատանոցներու, «Փոքրիկ»-ի ուղեկիցներուն հետ միասին։ «Փոքրիկ»-ը պատրաստած է նաեւ ուղեցոյց մը, որուն մէջ ամփոփուած են աշխատանոցներուն եւ ուղեկիցներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։

    «Փոքրիկ»ը մասամբ հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։