զատած էք՝

Հեղինակ՝ Քրիստիան Բատիկեան
Էջերու քանակ՝ 176
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2018
Մետաղէ երազներ
Վէպ
«Ու կ՚արթննաս այդ ամրան մէջ ու չես հասկնար ինչո՛ւ կ՚արթննաս, ու ամէն բան խոնաւ է, բարձը, մէջքիդ փակած շապիկը, սաւանները, երազները, դուն ու ամառը։ Ու առտուան խոնաւութիւնը պատուհանէն դուրս կ՚երկարէիր ու մատներուն ծայրերով կը շոյէիր օդին մէջ լողացող ջուրի փոշին, ու ծովէն բարձրացող առաւօտեան մշուշը թեւերուդ նոր բուսնող աղուամազին կը փակէր ու կը թափանցէր մորթէդ ներս։ Ու մնացին հոն ընդմիշտ, այդ առտուներուն մշուշները, մորթիդ տակ պահուըտած, ինչպէս դուն պահուըտեցար սենեակիդ մէջ, ամբողջ այն ամառը»։
Երիտասարդներ, երազներ եւ մետաղէ երազներ։ Կրնա՞յ մարդ իր երազէն աւելի գերադասել որեւէ բան։ Հապա՞ եթէ երազները չիրականանալու վախը մտնէ մարդուն մէջ։ Կ՚ուզես փախուստ տալ ամէն ինչէն։ Ամբողջ ամառ մը կը բանտարկուիս սենեակիդ մէջ։ Անձնասպանութեան կրնա՞յ հասցնել։ Ընկերները կը մնան սակայն...։ «Ամէն ինչ օքէյ պիտի ըլլայ, կը յաղթահարենք ասիկա, դուն միայն վստահէ՛ ինծի»։
«Մետաղէ երազներ» գիրքը հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան օժանդակութեամբ։
- տեսնել
- գտնել


Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան
Պատմուածքներ
Բատիկեան Քրիստիան
