զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
    Էջերու քանակ՝ 637
    Հրատարակիչ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն», Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ
    Հրատարակութեան թուական` 2015

    Տարմ
    Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր
    *Գիրքերու մասին գրողը, գիրք ընթերցողն ու գրողը մտածելու-զգալու համար կտակի պէտք չունի, իսկ աւանդուած կաղապարները անթացուպեր են, աշխարհին նորութիւնը,

    Գիրքերու մասին գրողը, գիրք ընթերցողն ու գրողը մտածելու-զգալու համար կտակի պէտք չունի, իսկ աւանդուած կաղապարները անթացուպեր են, աշխարհին նորութիւնը, մտածման այլազանութիւնը, կրթանքներու փոխյարաբերութիւնները, համատեղութիւնը պայմանաւոր են տուեալ լեզուով, միայն թէ Բաբելոնի լեզուները անդրլեզուական, «մշակոյթները» կը ներթափանցուին, կը շաղամանուին։ Ուստի՝ յօրինողին գործ չի պակսիր։ Հարկ էր ստեղծել մտածողական լեզու մը, այն որ թոյլ տար (եւ իր կարգին յղկուէր) ոչ միայն անուանումը, այլեւ գործարկումը այնքան տարբեր հանգամանքներու որքան են տեսնելը, լսելը, ըմբոշխնելը, տրամաբանելը, հիմնելը, գրական կոչուած աշխարհը խորացնելը, տանիլը ինքն իրմէ վեր, «սեպհականացման» մեծ ու դժուարին հոլովոյթի մը ի շահ, ան որ չի ջնջեր «լեզուի օտարացումը» աշխարհով, չի ձգտիր վերականգնել «հարազատ ինքնութիւն» մը...։ (էջ 21-22)

    Տրամէն եւ Մարտէն ետք (լոյս տեսած 1980ին եւ1997ին), ահաւասիկ Գիրգոր Պըլտեանի քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները հաւաքող երրորդ հատորը։ Ներկայ հատորին մէջ ընդգրկուած յօդուածներու մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած էր ատենին Փարիզ տպուող Յառաջ թերթին «Միտք եւ արուեստ» գրական յաւելուածին մէջ, ուրեմն (մէկ հատիկ բացառութեամբ)՝1995էն մինչեւ 2009։ Քանի մը հատը նաեւ լոյս տեսած են Գրականագիտական հանդէսին մէջ (Երեւան, 2004էն 2006)։ Կան նաեւ անտիպներ, որոնց կարգին սկիզբը դրուած «Գրական յղացքը», առաջին բաժնին մէջ՝ Վահէ Օշականի բանաստեղծական արտադրութեան մասին փորձագրութիւն մը, իսկ երրորդ բաժնին մէջ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի Փորձ տարա-գրութեան մասին գիրքը վերլուծող հին աշխատասիրութիւն մը։ Գիրքին առաջին բաժինը կը պարունակէ բանաստեղծութեան եւ բանաստեղծներուն անդրադարձող յօդուածներ (Տէրեան, Չարենց, Բիւզանդ Թոփալեան, Կարպիս Ճանճիկեան, Վահէ Օշական), երկրորդ բաժինը՝ Ի. դարու առաջին կէսին պատկանող քանի մը անուններու շուրջ ակնարկներ (Խարբերդի գրողներ, Երուանդ Օտեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ), իսկ երրորդ բաժինը՝ Փարիզի գրողներուն (Սարաֆեան, Որբունի, Փայլակ Միքայէլեան) մասին աշխատասիրութիւններ։

    1/2