զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Բակի խմբային խաղ բոլորին համար

    Արեւ լուսին աստղ
    Խաղ
    *Բակի խմբային խաղ բոլորին համար...։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։* Արեւ լուսին աստղ…։ *Խումբը կը յառաջանայ երբ լսէ՝ Արեւ լուսին…։ Իսկ երբ լսէ՝

    Բակի խմբային խաղ բոլորին համար...։
    Մեծէն պզտիկ
    կամ պզտիկէն մեծ…։

    Արեւ լուսին աստղ…։

    Խումբը կը յառաջանայ
    երբ լսէ՝
    Արեւ լուսին…։
    Իսկ երբ լսէ՝ աստղ,
    պէտք է տեղնուտեղը անշարժանայ,
    արձան դառնայ…։

    Այն երեխան, որ կը շարժի,
    խաղէն դուրս կու գայ…։

    Երբ անշարժանան՝
    պէտք է տարբեր ու տարօրինակ
    կեցուածքներ ունենան…։

    Խաղին նպատակն է
    հասնիլ մինչեւ հեռուն՝
    հորիզոնին կանգնած ձայն տուողին…։

    Հետզհետէ կ՚աւելնան հրահանգները,
    հրահանգներուն հետ նաեւ ձեւերը…։

    Արեւ լուսին աստղ…։
    Արեւ լուսին ամպ…։

    Ապա՝

    Արեւ լուսին աստղ…։
    Արեւ լուսին ամպ…։
    Արեւ լուսին մոլորակ…։

    Փայլածու, Արուսեակ,
    Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ… ։
    Լուսնթագ եւ Երեւակ…։
    Ուրանոս, Պոսիդոն,
    ութ մոլորակ հոս եւ հոն…։

    Փայլածուն, Արուսեակը՝
    շատ տաք, շատ տաք…։
    Երկիրը՝ կապոյտ մոլորակ…։
    Հրատը՝ կարմիր մոլորակ…։
    Լուսնթագը՝ մեծ գնդակ…։
    Երեւակը՝ ունի օղակ…։
    Ուրանոս, Պոսիդոն,
    ութ մոլորակ հոս եւ հոն…։

    «Արեւ լուսին աստղ» մաս կը կազմէ Խաղ ու մաղ շարքին։