զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Անահիտ Սարգիսեան
    Էջերու քանակ՝ 32
    Հրատարակիչ՝ Բարեւ Արեւ
    Հրատարակութեան թուական՝ 2019

    Տարոսիկ
    Տարեկան ծրագիր
    Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ

    Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտական եւ լեզուային հասկացողութեամբ հարուստ մշակութային աշխարհ մը։  
    Երգ ու լեզու իրար կապող ծրագիր մը, Տարոսիկը իր գիրքով եւ խտասալիկով կ՚ընդգրկէ նոր երգերու յօրինում եւ աւանդական երգերու ու խաղերու նոր մեկնաբանութիւն։

    Տարոսիկ գիրքը թերթելով եւ խտասալիկը լսելով կը ծանօթանանք ամսուան տօներուն, ծէսերուն, եղանակներուն, պտուղներուն եւ կանաչեղէններուն, կենդանիներուն, սովորութիւններուն, հագուստներուն եւ շատ աւելիին։ Խտասալիկը կը սկսի Սեպտեմբեր ամիսէն եւ կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս, սակայն կարելի է փոխել ամիսներուն շարքը ըստ յարմարութեան։

    Տարոսիկը գործածելով, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ կրնան երեխաներուն հետ հետաքրքրական եւ ստեղծագործական ժամանակ անցնել։ Բացի գիրքէն եւ խտասալիկէն, Տարոսիկը ունի նաեւ նուէր մը՝ հազարաշէն երդիք կառուցելու փայտիկներ։ Այսպէսով մշակութային ժառանգութիւնը իր խաղերով ու երգերով մաս կը կազմէ երեխաներուն առօրեայ կեանքին։

    Հազարաշէնի փայտիկներուն հետ միասին, գիրքը լաւագոյնս կը գործածուի ձեռքի տակ ունենալով այլ օգնական առարկաներ, որոնք թէ՛ Տարոսիկի փորձառութիւնը ալ աւելի կը շեշտեն, եւ թէ՛ երեխաներուն լեզուական կարողութիւններ ձեռքբերելու ընթացքը կը դարձնեն հաճելի։ Խօսքը պարզ առօրեայ իրերու մասին է՝ գուլպայ, տապակ, կոճակ, պատառաքաղ, եւ այլ առարկաներ, որոնք պատմութիւններուն մէջ զանազան դերեր կը ստանձնեն ու մաս կը կազմեն խաղին։

    Թելադրելի է գիրքը տրամադրել երեխաներուն դասարանային գրադարաններուն մէջ, իսկ երգերը առօրեայ դպրոցական կեանքէն ներս։ Տարոսիկը իր հրաշքը կը գործէ երբ երեխաները կ՚իւրացնեն անոր խաղերը, խօսքերը, խաղիկները, երգերը եւ կը յօրինեն իրենց տարբերակները։

    Քաջալերելի է նաեւ Տարոսիկին միջ-սերունդային եւ միջ-տարիքային գործածութիւնը։ Այսպէսով ժամանակի ընթացքին կը ստեղծուի սերունդները միացնող, մտերիմ եւ հաճելի փորձառութիւններով զարգացած մշակութային յիշողութիւն մը։

    Տարոսիկէն ընտրանի մը կարելի է լսել այստեղ, եւ աւելի վարը կարդալ բոլոր բաժիններուն խօսքերը եւ տեսնել գիրքէն ընտրուած պատկերներ։

    Տարոսիկը մաս կը կազմէ 2016-ի Նորարարութեան Աշխատանոցէն (Յուլիս 9-17 2016, Քուլարէշ, Փորթուկալ) ներշնչուած ծրագիրներուն։

    Կապ հաստատել հեղինակին հետ՝ parev.arev@hotmail.fr

    Համազգային Գրատուն

    Նոր Յառաջ

    • Բաժին
    • Խօսքեր
    • Սկիզբ
    • խօսքեր

    Սկիզբ

    • Սեպտեմբեր
    • խօսքեր

    Սեպտեմբեր

    • Հոկտեմբեր
    • խօսքեր

    Հոկտեմբեր

    • Նոյեմբեր
    • խօսքեր

    Նոյեմբեր

    • Դեկտեմբեր
    • խօսքեր

    Դեկտեմբեր

    • Յունուար
    • խօսքեր

    Յունուար

    • Փետրուար
    • խօսքեր

    Փետրուար

    • Մարտ-Ապրիլ
    • խօսքեր

    Մարտ-Ապրիլ

    • Մայիս-Յունիս
    • խօսքեր

    Մայիս-Յունիս