մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Պուրպատիկ կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, մարզանք, պուպրիկ, շոգեկառք եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Հայբոտ

«Հայբոտ – Լինտան կը պատմէ» ծրագիր մըն է հայերէն հեքիաթներ ներկայացնելու հոսարկումի (փոտքասթի) մը միջոցաւ։ ԱյԹիւնզի, Կուկըլի եւ այլ հարթակներու վրայ հասանելի հոսարկումին իւրաքանչիւր հատուածը հեքիաթ մըն է, առնուած համաշխարհային եւ կամ հայկական դասական հեքիաթներու ցանկէն։ Հեքիաթները պատմողն է Լինտա Գանտիլեանը, որուն ձայնին կ՚ընկերակցի հաճելի երաժշտութիւն։ Հայբոտի 5-10 վայրկեան տեւողութեամբ հոսարկումները պատրաստուած են որդեգրելով ունկնդիրներու […]

Միտք եւ արուեստ

Այս հատորով, Յառաջ օրաթերթի յաւելուած՝ «Միտք եւ արուեստ»էն ծաղկաքաղ մը կը հրամցուի ընթերցողին։ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած է ամսական դրութեամբ 1976էն մինչեւ 2009, այսինքն՝ մինչեւ թերթին փակումը։ Յաւելուածէն առնուած յօդուածներու այս ծաղկաքաղը կ՚երկարի մինչեւ 1987, ընդգրկելով 21 հեղինակէ հարիւրի մօտ գրական ու վերլուծական յօդուածներ։ Հատորին կարեւոր յատկութիւնն է, որ ընտրուած յօդուածները «Միտք եւ արուեստ»ի […]

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Շրջուն վաճառականէն պաղպաղակ գնող տղուն գնդակը շէնքէ մը ներս կ՚իյնայ։ Երբ կը փորձէ առնել գնդակը, կը տեսնէ, որ հոն ուր ինկած է՝ սեւ ակնոցներով մարդիկ խսիրէ աթոռներ կը շինեն։ Տարիներ կ՚անցնին… Գնդակը նոյն տեղն է տակաւին եւ նոյն Շրջուն վաճառականը կու գայ նոյն երգով։ Ի՞նչ բան փոխուած է այս փողոցներուն մէջ այսքան տարուան ընթացքին։ Ժամանակը, […]

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Ինչպէ՞ս կը շարունակուի թահինով հաց պատրաստելու աւանդութիւնը, որ շատ հին ժամանակներէ կու գայ։ Տեսերիզը կը հետախուզէ թահինով հացին պատմութիւնը՝ Լիբանանէն Հոլանտա։ Հիմա, թահինով հացը տարչինո՞վ կ՚ուզէք, թէ առա՛նց տարչինի։

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Սէրուժ Յովսէփեան հետեւեալ հարցումը կ՚ուղղէ. «Եթէ առիթը ունենայիր փոխելու բան մը մեր գաղութէն ներս, ի՞նչ կ՚ըլլար այդ մէկը»։ Այս կարճ տեսերիզին մէջ, հեղինակը իր ստացած պատասխանները կը ներկայացնէ։

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ

Այս տեսերիզը արեւմտահայերէն տարբերակն է Լոս Անճըլըսի Բնական պատմութեան թանգարանին կողմէ պատրաստուած «Հոյամողէզներու սրահ»ի առցանց շրջապտոյտին։ Տեսերիզը կ՚անդրադառնայ հոյամողէզներուն վերաբերեալ զանազան նիւթերու։ Կը խօսի մօտ 160 միլիոն տարի տեւողութեան վրայ երկարող այդ ժամանակաշրջանին կարեւոր պատմական դրուագներուն մասին, հասնելով հոյամողէզներու մեծ մասին ոչնչացումին, մեր ժամանակէն 66 միլիոն տարի առաջ։ Տեսերիզը կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչպէս թռչունները […]

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

«Մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ի գրական հսկայական պաշարին մաս կը կազմեն՝ Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը, որոնք թուայնացած են եւ հանրութեան անվճար հրամցուած։ Զապէլ Եսայեանի հաւաքածոն ալ աւելի կը ճոխացնէ՝ այս թուային գրադարանին արդէն իսկ հարուստ Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ 600-ի շուրջ վերնագիր։ 27 վերնագիրներու տակ հաւաքուած Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերուն մատչելի ձեւով հանրութեան ներկայացուիլը կարեւոր […]

Կարմիր կօշիկ

Մանուկը այլեւս բոպիկ չէ եւ այլեւս սորված է մինակը հագուիլ։ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։

Համազգային Է գրադարան

Դասական եւ նոր հրատարակուած գիրքերու մեծ շտեմարան մը ըլլալով, Համազգայինի «Է գրադարան» խելախօսի կիրարկութիւնը անվճար գիրքերու մեծ ընտրանի մը կը հրամցնէ։ Կիրարկութեան միջոցաւ կարելի է գնել նաեւ ներկայացուած միւս գիրքերը։ «Է գրադարան»-ը գիրքեր տրամադրելի դարձնող վայր մը չէ միայն։ Գործածողը կրնայ կիրարկութեան մէջ ընթերցել ներբեռնուած գիրքերը, որոնք ներբեռնելէ ետք՝ կը մնան անձնական «գրադարանին» մէջ։ Գրադարանը […]