ՀայՍփէլ

HySpell-ը Հայերէն լեզուի համակարգչային ուղղագրիչ-սրբագրիչ գործիք մըն է որ ամէն տեսակի գրաւոր աշխատանքներու մէջ, առօրեայ գրառումներէն մինչեւ հրատարակչական գործունէութիւն, կը գտնէ գրեթէ բոլոր վրիպակները եւ կ՚առաջարկէ ճշդումներ։ HySpell-ը կը ճանչնայ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն քերականութիւնները, թէ՛ դասական եւ թէ՛ հայաստանեան ուղղագրութիւնները։ Նման համակարգեր հսկայական բառային շտեմարաններու վրայ հիմնուած է որ կը բանին։ HySpell-ը 150 հազար բառ […]
Բագին

Բագին 1963 թուականէն ի վեր լոյս տեսնող գրական պարբերաթերթ մըն է։ Ներկայիս՝ հանդէսին խմբագիրն է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան։ Տարեկան 3-4 թիւ հրատարակուելով, Բագին ունի հսկայական արխիւ։ 2008-էն ի վեր թիւերը կարելի է գտնել Բագինի կայքէջին, իսկ աւելի հին արխիւը ամբողջութեամբ տրամադրելի է Հայաստանի Ազգային Գրադարանի մամլոյ բաժինէն։ Համազգայինի կողմէ հրատարակուող Բագինը տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակէ […]
Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի գրականութեան հսկայական պաշար մը։ 20 տարուան պատմութիւն ունեցող հաստատութեան հաւաքածոն բաժնուած է զանազան մասերու, որոնցմէ «Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն» բաժինը ունի աւելի քան 500 ծրագրուած միաւոր։ Ասոնց մէկ մասը թուայնացուած է, իսկ մնացածը թուայնացման ընթացքին մէջն […]
Արաս

«Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993-ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»: Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող իր գործունէութեամբ, «Արաս» հրատարակչութիւնը հանդիսացած է կամուրջ մը տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներուն միջեւ։ Զանազան լեզուներով գիրքեր ունեցող «Արաս» հրատարակչատունէն 200-էն աւելի գիրքեր լոյս տեսած են, որոնցմէ 70-էն աւելին հայալեզու են։ Աշխարհի ամենէն կարեւոր […]
Երաժշտական արխիւ

Օսմանեան շրջանի հայկական աշխարհը իր բազմազանութեամբ ծանօթացնելու իր նպատակէն մեկնելով, Յուշամատեանը լայն տեղ կու տայ նաեւ երաժշտութեան։ Թէ՛ կայքէջին, թէ՛ առանձին SoundCloud-ի էջին վրայ տեղադրուած հաւա¬քածոներով, Յուշամատեանը հարիւրաւոր թուայնացուած երաժշտական կտոր¬ներ կը հրամցնէ, որոնք ի մի բերուած են զանազան անհատական արխիւներ համախմբող աշխա¬տան¬քին շնորհիւ։ Ներկայացուած երգացանկերը օսմանեան շրջանի Հայերուն մշակութային բազ¬մա-զանութիւնը լաւապէս կը դրսեւորեն, ու […]
Փթիթ

«Փթիթ»ը ե՛ւ կայքէջ է, ե՛ւ խելախօսի յաւելուած։ Որպէս մանկապատանեկան պարբերաթերթ սկսած է «Փթիթ»ը, ծնունդ առնելով Պէյրութի մէջ 2010 թուականին։ «Փթիթ»ը հարուստ է իր զանազան տեսակի խաղերով. լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական եւ ժամանցի։ Ունի նաեւ այլ հետաքրքրական բաժիններ՝ պատ-մութիւն, առակ, հանելուկ եւ ժպիտ։ Իր մատչելի բաժիններով, «Փթիթ»ին կայքէջը հետաքրքրական կայան մըն է, որուն կարելի է երկար ժամեր […]
Փոքրիկ

«Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։ Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ: «Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ […]
Յուշամատեան

«Յուշամատեան»-ի հիմնական նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն կեանքին յիշողութիւնը։ Յօդուածներու, քարտէսներու, նկարներու, ձայնային արձանագրութիւններու եւ տեսերիզներու միջոցաւ, կայքէջին այցելուները կը յայտնաբերեն օսմանեան հայերու կեանքը, արուեստները, արհեստները, ուտելիքները, կրթական եւ հոգեւոր կեանքը, ընկերային միջավայրը եւ շատ աւելին։ Յուշամատեան կայքէջին մէջ կան երեք հիմնական բաժիններ. առաջին, յօդուածներ աշխարհագրական յատուկ վայրի մը հայկական […]
Նայիրի

«Նայիրի» հայերէնի ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է։ Կայքէջը ունի հայերէնի, ինչպէս նաեւ երկլեզու թուային բառարաններ։ Բառ մը փնտռելու համար կարելի է գործածել գլխաւոր էջին վրայ գտնուող տուփիկը։ Նոյն տուփիկը կարելի է գործածել նաեւ ուղղագրութիւն սրբագրելու եւ նմանաձայն բառեր գտնելու համար։ ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (1-2) Գրելու համար կարելի է ձեր նախասիրած հայերէն ստեղնաշարը ընտրել սեղմելով փոքրիկ ստեղնաշարի նկարը։ […]
Աղուոր բաներ

«Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը կամ տեսերիզ մը։ Նպատակն է համացանցի վրայ ժամանակ անցընող հետեւողներուն ներկայացնել մատչելի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի ներկայութիւն մը։ Նիւթերը ընդհանրապէս ներշնչուած են առօրեայ խօսքերէ, քիչ գործածուող բառերէ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ […]