մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

ծուռ ծեր ծառ

այն ո՞վ է…

ամառը հագած,
ձմեռը մերկ,
մէկ ոտք ունի,
հազար հատ ձեռք․

ծառ

ծառը ծուռ է,
ծառը ծեր է․
ծուռ է, ծեր է,
ծուռ ծեր ծառ է․

գարուն է․
ծուռ ծեր ծառը
ուրախ է․
գարուն է․
ծիտիկը
ուրախ է․

ամառ է․
ծուռ ծեր ծառը
շա՜տ ուրախ է․
ամառ է․
ծիտիկը
շա՜տ ուրախ է․

աշուն է․
ծուռ ծեր ծառը
տխուր է․
աշուն է․
ծիտիկը տխուր է․

ձմեռ է․
ծուռ ծեր ծառը
շա՜տ տխուր է․
ձմեռ է․
ծիտիկը ո՞ւր է․

մէկը ձա է,
միւսը ցօ է,
ձա է, ցօ է, ձմեռ է․
ցո՜ւրտ է, ցո՜ւրտ է,
ցո՜ւրտ ձմեռ է,
արամիկին վերարկուն ո՞ւր է․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Երկու սկիւռ

Այլ նիւթեր՝

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Ղազարաւան

Պատմուածք

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ