մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

լուսինը

լուսի՛ն, լուսի՛ն,
մահի՛կ լուսին․

լուսի՛ն, լուսի՛ն,
կիսալուսին․

լուսի՛ն, լուսի՛ն,
լիալուսին․

աստղի՛կ, աստղի՛կ,
մինա՛կ աստղիկ․

մէ՛կ աստղիկ,
տխո՜ւր աստղիկ․

աստղի՛կ, աստղի՛կ,
ընկե՛ր աստղիկ․

երկո՛ւ աստղիկ,
ուրա՛խ աստղիկ․

աստղի՛կ, աստղի՛կ,
հազա՜ր աստղիկ․

հազար աստղիկ,
հազար պաչիկ․

մէ՛կ աստղիկ․
ինչո՞ւ մէկ․
հապա քանի՞․
թող ըլլայ
հազա՛ր ու մէկ․

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Արեւ լուսին աստղ

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք եւ ինքնացում

Վերլուծումներ

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն