մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

նոր կօշիկը

նունիկը շա՜տ տխուր է․
նունիկին կօշիկը շա՜տ հին է․
նունիկը նոր կօշիկ կ՚ուզէ․

մաման կ՚ըսէ․
– նունի՛կ, նունի՛կ,
նոր կօշիկը
շա՜տ սուղ է․

նունիկը շա՜տ տխուր է․
նունիկին կօշիկը շա՜տ հին է․
նունիկը նոր կօշիկ կ՚ուզէ․

պապան կ՚ըսէ․
– նունի՛կ, նունի՛կ,
նոր կօշիկը
շա՜տ սուղ է․

նունիկը շա՜տ տխուր է․
նունիկին նոր կօշիկը ո՞վ բերէ․
կաղանդ պապուկը բերէ՜․

կաղանդ պապուկ,
ծերուկ մերուկ,
գիրուկ միրուկ,
կարմրուկ․

կօշի՜կ, կօշիկ,
հին կօշիկ․

կօշի՜կ, կօշիկ,
նոր կօշիկ․

նունիկին նոր կօշիկին ներբանը
եւ ոտքին չափը․

ո՞ւր է սո՛ւղ կօշիկը․
ո՞ւր է աժա՛ն կօշիկը․

զո՞յգ է, կե՛նտ է․
կրունկով կօշիկ․

զո՞յգ է, կե՛նտ է․
կապով կօշիկ․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Տօն տօն է

Այլ նիւթեր՝

Յուշամատեան

Զարդիս մատենաշար

Մինչ մազերս կ՚երկննային

Մանկապատանեկան վիպակ

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն