մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Երեք թագաւոր

Թագաւոր, թագաւոր,
երեք  թագաւոր,
արեւելքէն կու գան
ուղտերով,
լեռնէն ձորէն,
անապատէն,
փայլուն աստղին
հետեւելով…

Երկինքին մէջ լուաստղը,
լուսաստղին տակ ախոռը,
ախոռին մէջ մսուրը,
մսուրին մէջ՝
լո՛յս Մանուկը…

Թագաւոր, թագաւոր,
երեք  թագաւոր,
արեւելքէն կու գան
ընծաներով՝
ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս,
Մելքոն, Գասպար եւ Պաղտասար
կ’երթան նորածին Մանուկին քով…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արաս

Հրատարակչատուն

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ

Շրջում

Վէպ