մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

ցոյց ցոյց ժամացոյց

ցո՛յց, ցո՛յց,
ժամացոյց․

երկար բարակ սլաք մը,
կլոր կլոր կը դառնայ,
վայրկեանները ցոյց կու տայ․

կարճուկ մարճուկ սլաք մը,
կամաց կամաց կը դառնայ,
ժամերը ցոյց կու տայ․

կէսօր է․
ճաշելու ժամն է․
բարի ախորժակ…

կէս գիշեր է․
երազելու ժամն է․
անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ…

ցո՛յց, ցո՛յց,
օրացոյց․

նինինուին տարեդարձը՝
ապրիլ մէկ

ցո՛յց, ցո՛յց,
կողմնացոյց․
սլաքը մի՛շտ
դէպի հիւսիս․

ցո՛յց, ցո՛յց,
խոշորացոյց․

ցո՛յց, ցո՛յց…
կո՛ւրդ, կո՛ւրդ,
արձակո՛ւրդ․

գորտիկը պիտի գայ
նինինուն գորտիկէն կը վախնա՜յ…

գլուխը հիւսիս,
պոչիկը հարաւ․

գլուխը արեւելք,
պոչիկը արեւմուտք․

ժամացոյցը չունի սլաք,
ինչպէ՞ս ընէ թի՛ք, թա՛ք…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Աքլորիկը

Ժամացոյցը

Ծուռ ու շիտակ

Օրօր

Այլ նիւթեր՝

Արաս

Հրատարակչատուն
Սփիւռք մատենաշար

Վարձու սենեակ

Պատմուածքներ

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ