մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

գորտիկը

երկար պոչով շերեփուկը կը լողա՜ր…

պոչը աջ, պոչը ձախ,
շերեփուկը դէպի առաջ…

շարա՜ն, շարա՜ն
օրե՜ր անցան,
շերեփուկին
տոտիկնե՛ր բուսան․

անհաւատալի՛ բան․

շարա՜ն, շարա՜ն
օրե՜ր անցան,
շերեփուկին
թաթիկնե՛ր բուսան․

անհաւատալի՛ բան․

տոտիկները,
թաթիկնե՛րը,
սակայն ո՞ւր է
երկար պոչը…

շերեփուկը
գորտի՛կ դարձաւ
ջուրէն ելաւ, կռկռաց․

– պոչիկս ո՞ւրր է,
  պոչիկս ո՞ւրրր է…

  ոչ, պոչ,
  ոոոչ, պոչ…

գո՛րտ, ղո՛րտ,
կլլեց ճա՞նճ, թէ ո՛րդ…

այն ո՞վ է…

մկրա՛տ, մկրա՛տ,
մազ չկա՛յ․
տոտիկ կա՛յ,
թաթիկ կա՛յ,
պոչիկ չկա՛յ…

գո՛րտ, ղո՛րտ,
կլլեց ճա՞նճ, թէ՜…

շերեփուկ,
տոտիկ, թաթիկ
եւ գորտիկ…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Գորտը – Հանելուկ

Ճիճոզը

Քիթը թոքը

Գորտը գորտին

Այլ նիւթեր՝

Բառ ու պար

Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ

Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն

Շարանկար
Յուշամատեան

Երաժշտական արխիւ