մեր գիրքին մէջ կար
չորս ոչխար
մէ՜, մէ՜, մէ՜, մէ՜․․․
գորշ գայլը եկաւ,
ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․
մնա՜ց, մնա՜ց,
քանի՞ ոչխար․
մեր գիրքին մէջ մնաց
երեք ոչխար
մէ՜, մէ՜, մէ՜․․․
գորշ գայլը եկաւ,
ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․
մնա՜ց, մնա՜ց,
քանի՞ ոչխար․
մեր գիրքին մէջ մնաց
երկու ոչխար
մէ՜, մէ՜․․․
գորշ գայլը եկաւ,
ոչխար մը փախցուց տարաւ․․․
մնա՜ց, մնա՜ց,
քանի՞ ոչխար․
մեր գիրքին մէջ մնաց
միայն մէկ ոչխար
մէէէէ՜․․․
գորշ գայլը եկաւ,
վերջին ոչխարը փախցուց տարաւ․․․
մեր գիրքին մէջ
կար ու չկար
չորս ոչխար․
կար ու չկար․․․
մենք կը խաղանք,
մեր գիրքին մէջ,
երբ որ գայլը հո՜ս չէ՛,
գա՛յլ, գա՛յլ,
ո՞ւր ես դուն․․․
կու գա՜մ․․․
աճապարէ, շտապէ,
գիրք տետրակ,
դուռ պատուհան
շո՛ւտ գոցէ․․․
մէ՛կ վայրկեան․
մնա՜ց, մնա՜ց
երկո՛ւ խնձոր․
մէկը ինծի՛,
միւսը քեզի՛․
ապրիս մը ինծի՛,
ապրիս մը քեզի՛․
գա՛լ տարի
կը հանդիպինք կրկին․․․