մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

սոխ ու սխտոր

սոխ սխտոր,
սխտոր սոխ․
սոխ սխտոր,
սխտոր սոխ․

սոխը ըսաւ սխտորին․
«կը հոտի՜ս, կը հոտի՜ս,
անդի՛ն գնա, կը հոտի՜ս»․

սխտորը ըսաւ սոխի գլուխին․
«դո՛ւն կը հոտիս,
դո՛ւն գնա,
աչքէս արցունք ալ կու գայ»․

սա՛րսափելի, սո՛սկալի,
սոխ ու սխտոր կը հոտի՜․

սո՛սկալի, սա՛րսափելի,
սխտոր ու սոխ կը հոտի՜․

ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր,
ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր․

թաթիկով, դաստակով,
արմուկներով․

տոտիկով, կրունկով,
ծունկերով․

փորիկով, ուսիկով,
կզակով, քիթիկով,
եւայլնով․

հանեց սոխին շապիկները,
հոսեցան արցունքները․

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Սոխ սխտոր

Սոխ սխտոր ոտնախաղ

Հովանոցը

Մէկը միւսը

Այլ նիւթեր՝

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր
Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

ՀայՍփէլ

Զարդիս մատենաշար

Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ