Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
Էջերու քանակ՝ 510
Հրատարակիչ՝ Զանգակ
Հրատարակութեան թուական` 2019

Յակոբներ

Վէպ

Մարդկային էակ մը կարծես՝ բոլորովին վարձու բաներով, զգեստ, անուն, կենսաձեւ ու ոճ։ Վրիպա՞ծ մը մարդասերումի մեծ գործի երկայնքին։ Ասոր թափօններէն մի՞ն։ Խլեակ ու բեկոր՝ ճիշդ յատկանշումներ չե՞ն, միայն թէ իրենց հաւանական ամբողջութենէն հատեալ կտորներ։ Հապա՛։ Ոչինչ, ոչի՛նչ մարդը… գրես ես, կը ստորագծես, կարծես կը լսես թրթռացում մը միայն։ Մարդը որ ինչ չունի, ինչ մը չէ, գուցէ ամենատեղ ձայն մը, ձայնի արձագանգ մը, առանց որեւէ ընչութեան՝ ոչնչութիւնն է։ Մարդը որ ով մը չէ, գոնէ ուրիշներու համար, Ես չ՚ըսեր, իսկ ինքն իրե՞ն. միայն լռութիւն. ահա անմատչելի կորիզը։

Գրիգոր Պըլտեան “Գիշերադարձ” յորջորջուած վիպաշարին 9րդ միաւորն է այս մէկը։ Նախորդ միաւորներ էին՝ Սեմեր (1997), Հարուածը (1998), Նշան (2001), Պատկերը (2003), Անունը լեզուիս տակ (2003), Երկուք (2006), Շրջում (2012) եւ Կրկնագիր մարդը (2015)։ Լրագրական ասպարէզի սեմին, Պէյրութ վերադարձած պատմասանը թերթի մէջ տպուած հին մահազդէ մը մեկնելով, հետախուզութեան մը կը ձեռնարկէ։ Անհետացողին դէմքը, կեանքը, ինքնութիւնը կ՚ուզէ վերակազմել։ Կը ծրագրէ ընդհանրութենէն փրկել զայն, անոր դէմքին վերադարձնել եզակիութիւն։ Հեղինակին համար՝ առիթ մըն է անգամ մը եւս Հայկաշէնի բլուրին բնակիչները խօսեցնելու, անոնց դիմանկարները հրամցնելու, գաղթականի վիճակէն դէպի բարեկեցութիւն անոնց դանդաղ անցքին հետեւելու։ Բայց առիթ մըն է նաեւ “վերադարձ”ի ու “շրջադարձ”ի թեմաները անգամ մը եւս շօշափելու, առասպելի եւ իրականութեան միջեւ նուրբ թաղանթը փորձարկելու, վկայագրութիւն եւ գրականութիւն իրարմէ զատող եւ իրարու միացնող սահմանը խուզարկելու։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
Էջերու քանակ՝ 510
Հրատարակիչ՝ Զանգակ
Հրատարակութեան թուական` 2019

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Յակոբներ

Վէպ

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր

Սփիւռք մատենաշար

Զարդիս մատենաշար

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Մանկական գրքոյկ