մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սոխ սխտոր

Մանկական խաղ

Խմբային խաղերու շարք
Թէ ձեռնախաղ, թէ մարմնախաղ,
եւ թէ խմբային խաղ,
երեքէն ութ տարեկաններու համար…։

Ա – Սոխ սխտոր

Սոխ, սխտոր,
սոխ, սխտոր…։
Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր…։
Ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր…։

Մեծ քիթով… Կզակով…։
Ուսերով… Արմուկով…։
Դաստակով…։

Ես կը ծեծեմ սոխ սխտոր…։
Ինչո՞վ ծեծեմ սոխ սխտոր…։

Ծունկերով…։
Մէկ ոտքով… Միւս ոտքով…։
Մէկ ոտքով եւ միւս ոտքով…։
Ցատկելով… Ծափելով…։

Խաղը կրնայ զարգանալ,
հետզհետէ աւելցնելով
մարմնին զանազան մասերը…։
Ինչպէս նաեւ փոփոխելով դերանունները՝
Ես, դուն կամ ան…։ Մենք, դուք կամ անոնք…։

Բ – Սոխ կը ծախեմ

Խաղիկ ամենէն փոքրիկներուն համար՝
երկու, երեք տարեկան…։

Փոքրիկը առած կռնակին վրայ,
պտըտիլ ու կանչել՝

Դուռ դրացի
Դրացի՜ դրացի՜
Ի՞նչ կայ դրացի…։
Սոխ ունի՞ս
Ո՛չ
Սոխ չունի՞ս
Սոխ չունիմ

Սոխ կը ծախեմ,
սխտոր կը ծախեմ,
վարպետս ծերացաւ
ես կը ծախեմ…։

Ո՞վ կ՚ուզէ սոխ
Ո՞վ կ՚ուզէ սխտոր
Սոխ կ՚ուզենք վարպետ
Վարպետս ծերացաւ
ես կը ծախեմ…։

Ոչ միայն սոխ ու սխտոր ծախել,
այլ նաեւ տանձ ու խնձոր…։

Գ – Սոխ սխտոր

Պատանիներու խաղ…։

Դուռ պատուհան դրացի
Դրացի՜ դրացի՜
սոխ ունիմ սխտոր չունիմ,
սխտոր ունի՞ս

Սոխ կը ծախեմ,
սխտոր կը ծախեմ,
վարպետս ծերացաւ
ես կը ծախեմ…։

Վարպետ սխտոր կ՚ուզենք…։

Խաղալ զոյգ զոյգ,
կռնակ կռնակի,
թեւերով խաչկապ,
կրկնելով՝ Սոխ սխտոր…։

Շալկել ընկերը կռնակին վրայ,
ապա ընկերը շալկէ զինք իր կռնակին վրայ…։
Յաջորդաբար
մէկը միւսին կռնակին վրայ,
մինչեւ երկու ընկերներէն մէկը տապալի…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր
Երդիք

Ակուլ Տուկուլ