մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

գուլպայ կօշիկ

մէկ երկու,
կը մեծնամ,
երեք չորս,
կը կարդամ,
հինգ վեց,
կը խաղամ,
եօթը ութը,
կը խնդամ…

մէկ
երկու
երեք
չորս
հինգ

հի՛նգ մատիկ,
ա՛ջ թաթիկ…

մէկ
երկու
երեք
չորս
հինգ

հի՛նգ մատիկ,
ձա՛խ թաթիկ…

ունի՛մ, ունի՛մ,
երկո՛ւ թաթիկ,
տա՛սը մատիկ…

ունի՛մ, ունի՛մ,
երկո՛ւ տոտիկ…

չունի՛մ, չունի՛մ,
գուլպայ կօշիկ…

բոպիկ տոտիկ՝
տո՛փ տոփիկ…
երկո՛ւ թաթիկ՝
ծա՛փ ծափիկ…

կօշիկս շա՜տ հին է,
կօշիկս հին է, ծակ է…

տո՛փ տո՛փ,
տո՛փ տոփիկ…
կ՚երթամ կու գամ
բոպի՛կ բոպի՛կ…

կօշիկս նո՛փ նոր է,
կօշիկս նոր է, նեղ է…

տո՛փ տո՛փ,
տո՛փ տոփիկ…
ես կը խաղամ
բոպի՛կ բոպի՛կ…

ի՞նչ կը հոտի, ի՞նչ կը հոտի,
հոտէն քիթս կը փրթի…

հոտած գուլպայ մը ունիմ,
մէկու մը տամ ու փախի՜մ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Կօշիկը

Ճիմ ճիկ

Կօշիկս

Այլ նիւթեր՝

Փոքրիկ Նիկոլը

Պատանեկան պատմութիւններ

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Սկսիլ

Փորձագրութիւն

Տարմ

Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր