մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

խնձորը

մէկ երկու,
կը մեծնամ,
երեք չորս,
կը կարդամ…

խնձո՛ր, խնձո՛ր,
կարմի՛ր խնձոր…

տերե՛ւ, տերե՛ւ,
կանա՛նչ տերեւ…

կարմիր խնձոր,
կանանչ տերեւ
ե՜ւ
ծի՛կ,
բարե՛ւ…

բարե՛ւ տամ,
խնձո՛ր տամ,
ընկե՛ր ըլլամ…

ընկե՛ր ընկե՛ր,
աղուո՛ր ընկեր,
խնձոր տամ,
կե՛ր ընկեր…

աւելին

Այս նիւթին հետ կարելի է գործածել նաեւ՝

Ընկերը

Այլ նիւթեր՝

Կարմիր կօշիկ

Մանկական գրքոյկ

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն

Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները

Մանկական տեսերիզներու շարք

Արեւ լուսին ժապաւէն

Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր