մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Շաբթուան օրերը

Երկուշաբթի՝
Որո՞ւն գուլպան կը հոտի…

Երեքշաբթի՝
Հոտէն քիթս կը փրթի…

Չորեքշաբթի՝
Մնացի առանց քիթի…

Հինգշաբթի՝
Փրթած քիթս թուքով փակցուցի…

Ուրբաթ՝
Վա՛յ,
փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի…

Շաբաթ՝
Թուքով սխալ փակած,
փրթած քիթս կը ծռի՜…

Կիրակի՝
Գուլպա՛դ փոխէ,
թուքով սխալ փակած, փրթած,
ծո՛ւռ քիթս նորէն չփրթի…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Ընդառաջում

Արձակներ
Յուշամատեան

Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Տեսերիզ

Լկրտածը

Վէպ

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ