մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Կաթնապուրը

Խոտը կովը՝
կանանչ խոտը,
կարմիր կովը…

Կովը կաթը՝
կարմիր կովը,
ճերմակ կաթը…

Կաթը, բրինձը, շաքարը՝
ճերմակ կաթը,
խաշած բրինձը,
քանի՞ գաւաթ շաքարը…

Ճերմակ կաթը,
խաշած բրինձը,
երկու գաւաթ շաքարը,
երեք դգալ վարդի ջուրը…

Գաւաթը՝ սուրճի,
դգալը՝ թէյի…

Ճերմակ կաթը,
խաշած բրինձը,
երկու գաւաթ շաքարը,
երեք դգալ վարդի ջուրը,
ահաւասիկ
կաթնապուրը…

Խոտը, կովը, կաթնապուրը՝
կանանչ խոտը,
կարմիր կովը,
Համբարձումի կաթնապուրը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Անտիտղոս հերոսներ

Գիրքերու մատենաշար

Կախարդական ցուցափեղկը

Մանկական վիպակ

Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները

արուեստի պատմութիւն

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն