մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Մահճակալիս տակ

Մահճակալիս տակ, տա՛կ,
կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ,
ամեն գիշեր կը նուագէ՝
մէկ, երկու, երեք, չորս,
չորս թելով ջութակ, թա՛կ…

Մահճակալիս տակ, տա՛կ,
կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ,
ամէն գիշեր կը նուագէ՝
մէկ, երկու, երեք,
երեք թելով ջութակ, թա՛կ…

Մահճակալիս տակ, տա՛կ,
կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ,
ամէն գիշեր կը նուագէ՝
մէկ, երկու,
երկու թելով ջութակ, թա՛կ…

Մահճակալիս տակ, տա՛կ,
կայ մժեղ մոծակ, ծա՛կ,
ամէն գիշեր կը նուագէ
մէկ,
մէկ թելով ջութակ…

Միիիիիիիիիի՛, ծա՛կ, ո՛ւյ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Երկլեզու ցանցը

Փորձագրութիւն

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն