մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Իշուկը

Իշուկիս իշուկիս,
գլուխը կը ցաւի,
իրեն պէտք է գլխարկ մը,
յարդէ պզտիկ գլխարկ մը…

Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Իշուկի պո՛չ…

Իշուկիս իշուկիս,
պոչիկը կը ցաւի,
իրեն պէտք է ընկեր մը,
հաւատարիմ ընկեր մը…

Ընկեր, ընկեր, խաղընկեր…
Ընկեր, ընկեր, դասընկեր…
Ընկեր, ընկեր, լացի՛ ընկեր…
Ընկեր, ընկեր, հացի՛ ընկեր…
Ընկեր, ընկեր, հե՛տս ընկեր…

Բարեկենդան եկեր է,
իշուկս պոչիկը կը շարժէ…
Աջ ձախ, աջ ձախ…

Բարեկենդան եկեր է,
իշուկս գլխարկ դրեր է…
Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ…
Իշուկի պո՛չ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գիւտ մը նիւթ մը

Գիտական տեսերիզիներու շարք

Պատառիկներ

Մանկական ձայներիզներու շարք
Զարդիս մատենաշար

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը

Վէպ

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ