մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Ճպուռը եւ կիտուռը

Ճըռ ճըռ,
ճպուռը…
Կըռ կըռ,
կիտուռը…

Ճպուռը ճռճռաց,
կիտուռը կռկռաց…
Ճպո՛ւռ, կիտո՛ւռ,
գլուխս գնա՜ց…

Ճըռ ճըռ,
ճպուռը…
Կըռ կըռ,
կիտուռը…

Ճպուռը ճռճռաց,
կիտուռը կռկռաց…
Ճպո՛ւռ, կիտո՛ւռ,
մնացէք լո՛ւռ…

Ճըռ ճըռ,
ճպուռը…
Կըռ կըռ,
կիտուռը…

Ճպուռը ճռճռաց,
կիտուռը կռկռաց…
Ո՛չ ճպուռը լուռ մնաց,
ո՛չ կիտուռը լուռ մնաց…

Ճըռ ճըռ,
ճպուռը…
Կըռ կըռ,
կիտուռը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

տեսերիզներու շարք

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն
Երդիք

Ալնիս Բալնիս