մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Ո՞վ է թացը

Անձրեւ է, անձրեւ է,
ըսաւ մուկը, մտաւ ծակը…

Հոգս չէ, հոգս չէ,
ըսաւ ձուկը, շարժեց պոչը…

Մուկը ծակը, ձուկը ծովը,
ըսէ ինծի՝ ո՞վ է թացը…

Մո՞ւկը թէ ձուկը…
Ձուկը, ձուկը…

Ձո՞ւկը թէ մուկը…
Մուկը, մուկը…

Մո՞ւկը թէ ձուկը…
Ձուկը, ձուկը…

Ձո՞ւկը թէ մուկը…
Մուկը, մուկը…

Հապչի՛…
Շուշիկը…

Հապչի՛…
Նուշիկը…

Հապչի՛…

Աաաա՜… թաշկինակը… թաշկինակը…

յ․գ․

Խաղիկը կրկնել
Ձեւերով եւ ծափերով…

Խաղիկին վերջին տողը երբ կը հասնի,
այն երեխան, որուն անունը նշուած է,
պէտք է փռնգտայ՝ հապչի,
եւ ուրիշ երեխայի մը անունը տայ…

Խաղը կը շարունակուի,
իւրաքանչիւր երեխայ
ուրիշին անունը տալով,
իսկ եթէ մէկը յանկարծ ուշանայ
կամ սխալի,
բոլորը միասնաբար
սխալող երեխային
խնդալով կը կանչեն՝
թաշկինակը թաշկինակը,
նոյնիսկ թաշկինակ մը կու տան
քիթը խնջելու համար…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Եւ այն ատեն…

Մանկական պատմուածքներ

Կայաններ

Բանաստեղծութիւններ
Զարդիս մատենաշար

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Մանկապատանեկան վիպակ