Ի՞նչ է ժամանակակիցը
Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è contemporaneo? դասախօսութեան, որ կը վերաբերի մարդու եւ իր ժամանակի յարաբերութեան։ Ինչպէ՞ս ըլլալ ժամանակակից, պահելով որոշ հեռաւորութիւն մը ներկայի պայմաններէն։
Ժամանակը եւ ինչուն
Քանի մը օրէն
Լուսին, լուլուսին, մահիկ լուսին, քանի մը օրէն կիսալուսին… Լուսին, լուլուսին, կիսալուսին, քանի մը օրէն լիալուսին… Լուսին, լուլուսին, լիալուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն կիսալուսին… Լուսին, լուլուսին, կիսալուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն մահիկ լուսին… Լուսին, լուլուսին, մահիկ լուսին՝ հապչի՜, քանի մը օրէն չկայ լուսին… Լուսին, լուլուսին, չկայ լուսին՝ չի՛ք, քանի մը օրէն՝ ծի՛կ, նորալուսին…
Ժամը չորսը չորս անցած
Մէկ երկու, երեք չորս… Ժամը չո՛րս, Մատթէոս… Եկո՛ւր հոս, Մարկո՜ս… Չուշանաս, Ղուկա՜ս… Մի՛շտ վերջինն ես, Յովհաննէս… Մէկ երկու, երեք չորս… ժամը չորսը չորս անցած, չորս չանցած, չորսն ալ հոս՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս, ինծի քեզի, ձեզի մեզի կը կարդան Աւետարան ըստ Մատթէոսի, ըստ Մարկոսի, ըստ Ղուկասու, ըստ Յովհաննո՜ւ…
Ժամացոյցը
Մէկ սլաք՝ թիք թաք, երկու սլաք՝ թիք թիք թաք… Ժամացոյցը ի՞նչ կ’ըսէ` թիք թաք, թիք թիք թաք, դպրոց երթալու ժամն է, թիք թաք, թիք թիք թաք… Քիչ մը գրել եւ կարդալ, քիչ մը գծել եւ խաղալ, երգել, պարել ու խնդալ, ուտել, խմել ու մեծնալ… Մէկ սլաք՝ թիք թաք, երկու սլաք՝ թիք թիք թաք… Ժամացոյցը ի՞նչ […]
ցոյց ցոյց ժամացոյց
ցո՛յց, ցո՛յց, ժամացոյց․ երկար բարակ սլաք մը, կլոր կլոր կը դառնայ, վայրկեանները ցոյց կու տայ․ կարճուկ մարճուկ սլաք մը, կամաց կամաց կը դառնայ, ժամերը ցոյց կու տայ․ կէսօր է․ ճաշելու ժամն է․ բարի ախորժակ… կէս գիշեր է․ երազելու ժամն է․ անո՜ւշ քուն, ոսկի՛ երազ… ցո՛յց, ցո՛յց, օրացոյց․ նինինուին տարեդարձը՝ ապրիլ մէկ ցո՛յց, ցո՛յց, կողմնացոյց․ սլաքը […]
Ժամացոյց
Շաբթուան օրերը
Երկուշաբթի՝ Որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ Հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ Մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ Փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ Վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ Թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի՜… Կիրակի՝ Գուլպա՛դ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծո՛ւռ քիթս նորէն չփրթի…