մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Ծառ ու խաղ

Մեր տունը
պարտէզը,
պարտէզին մէջ՝
տանձի ծառը…

Մեր պարտէզը
տանձի ծառ,
տանձի ծառ…

Տանձի ծառէն ի՞նչ ինկաւ…
Տանձի ծառէն տանձ ինկաւ, բա՛թ…

Մեր տունը
պարտէզը,
պարտէզին մէջ՝
տանձի ծառը եւ
ծիրանի ծառը…

Մեր պարտէզը
ծիրանի ծառ,
ծիրանի ծառ…

Ծիրանի ծառէն ի՞նչ ինկաւ…
Ծիրանի ծառէն ծիրան ինկաւ, բա՛թ…

Մեր տունը,
պարտէզը,
պարտէզին մէջ
տանձի ծառը,
ծիրանի ծառը եւ
թութի ծառը…

Մեր պարտէզը
թութի ծառ, թութի ծառ…

Թութի ծառէն ի՞նչ ինկաւ…
Թութի ծառէն կօշիկս ինկաւ, բա՛թ…

Ելայ ծառը՝
թութի ծառը…
Կերայ թութը՝
սեւ թութը…

Ելայ ծառը՝
թութի ծառը…
Կերայ թութը՝
ճերմակ թութը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ