Գիտութիւն Գ. Տարի

«Գիտութիւն Գ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 12 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա-փարներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]
Գիտութիւն Ա. տարի

«Գիտութիւն Ա Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 14 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողութիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղափարներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]
Գիտութիւն (2016)

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը գործածելով երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ընտրուած նիւթերը եւ վարժութիւնները փոքրիկ գիտնականները կը մղեն իրենց տրամաբանութիւնը եւ երեւակայութիւնը գործածելու, ինչպէս նաեւ իրենց քննական եւ ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու։ Մասնաւորապէս հայերէնով գիտութեան դասաւանդումը քաջալերելի է, նոյնիսկ անհրաժեշտ, որպէսզի ճանաչողական կազմաւորումը յաջող ընթանայ, մինչեւ կարենան երեխաները իւրացնել վերացական մակարդակի լեզուն, եւ տիրապետեն յղացքներու […]
Փիղը

Փիղը փողը, երկա՜ր փողը… Փողը փիղը, հսկա՜յ փիղը… Փչեց փիղը, հսկա՜յ փիղը… Հնչեց փողը, երկա՜ր փողը… Փիղը փողը, փողին ձայնը… Փողը փիղը, փիղին ձայնը… Փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի… Փողը փիղի ձայն ունի, փիղը փողի ձայն ունի…
Մուկը

Մուկը ընդհանրապէս մոխրագոյն կ’ըլլայ, սեւ ու ճերմակ՝ մոխրագոյն… Երբ մութ է՝ մո՜ւս մութ, սե՛ւ կ’ըլլայ՝ սե՛փ սեւ… Երբ ալիւրի պարկը մտնէ, ալիւրի պարկէն ճերմա՛կ կ’ելլէ՝ ճե՛փ ճերմակ… Երբ սուրճ խմէ, սրճագոյն կը դառնայ՝ սուրճի՛ գոյն… Երբ սիրահար ունենայ, վարդագո՛յն կը դառնայ՝ վարդի՛ գոյն… Երբ բարկանայ, կարմիր կ’ըլլայ՝ կա՛ս կարմիր… Երբ իւղով միւղով տապկուի, նարնջագոյն կը […]
Ճանճին պատմութիւնը

Ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ո՛չ… Ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Ըսի ո՛չ… Ըսի ոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Մուկի պո՛չ… Մուկի պոչ ըսելէն բան մը չ’ելլեր, ճանճին պատմութիւնը գիտե՞ս… Փը՛շտ փը՛շտ…
Ճնճղուկը

Ճնճղուկը ճստիկ էր, սակայն ձայնը ամբողջ աշխարհը կը լսէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը մի՛շտ կ’երգէր, սակայն երգել չէր գիտեր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ կ’երգէր, բոլորին գլուխը կ’արդուկէր… Ճի՛ւ, ճի՛ւ, ճիւ ու ճիւ… Ճստիկ ճնճղուկը սխալ մխալ մի՛շտ երգեց, օր մըն ալ յանկա՛րծ՝ գեղգեղե՜ց… Ծի՛ւ, ծի՛ւ ծիւ ու ծիւ… […]
Հաւնոցի խաղ

Այն ո՞վ է… Երազին մէջ կուտ կը տեսնէ, կո՛ւտ կ’ուտէ, հաւկի՛թ կ’ածէ… Կը՛տ կը՛տ կըտակ, հաւկիթ մը տաք տաք, երկու հաւկիթ տաք տաք, երեք հաւկիթ տաք տաք, չորս հաւկիթ տաք տաք, հինգ հաւկիթ տաք տաք, վեց հաւկիթ տաք տաք, եօթը հաւկիթ տաք տաք, ութ հաւկիթ տաք տաք, ինը հաւկիթ տաք տաք, տասը հաւկիթ տաք տաք՝ […]
Խխունջիկը

Տրտում տխուր խխունջիկ կը սողայ լռիկ մնջիկ… Կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, կը սողայ կամաց կամաց… Տրտում տխուր խխունջիկ չունի կօշիկ եւ տոտիկ, կաթիլ կաթիլ անձրեւին տակ, ինչպէ՞ս վազէ արագ արագ…
Իշուկը

Իշուկիս իշուկիս, գլուխը կը ցաւի, իրեն պէտք է գլխարկ մը, յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Յարդէ պզտիկ գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Յարդէ խոշոր գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Ժապաւէնով գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Գոյնզգոյն գլխարկ մը… Ո՛չ, ո՛չ… Իշուկի պո՛չ… Իշուկիս իշուկիս, պոչիկը կը ցաւի, իրեն պէտք է ընկեր մը, հաւատարիմ ընկեր մը… Ընկեր, ընկեր, խաղընկեր… Ընկեր, […]