Փիղին փիւրը

Պարոն փիղը, Տիկին փիղը, Տէր եւ Տիկին փիղերը… Պարոն փիղին փողկապը… Տիկին փիղին փո՛թ, փո՛թ փէշը… Փողկապը, փո՛թ, փո՛թ փէշը, Տէր եւ Տիկին փիղերը…
Մազմազիկը

Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, ի՞նչ պատահեցաւ, ինչպէ՞ս եղաւ, տոտիկ մը փրթաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Մազմազիկը տխրեցաւ, տրտմեցաւ, ցա՜ւ, ցա՜ւ, աշխարհը գլխո՛ւն փլաւ, սակայն ուզէր չուզէր կեանքը պիտի շարունակուէր… Մազմազիկը սարդի՛կ էր, ժամանակին ութ հատ տոտիկ ունէր, սակայն օրին մէկը, գլխուն փորձա՛նք մը ինկաւ, եօթը տոտիկով սարդիկ դարձաւ… Ժամանակը […]
Գայլախաղ

Ես կը խաղամ անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Դուն կը խաղաս անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… … Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ… Գա΄յլ, գա΄յլ, ո՞ւր ես դուն… Գայլը` – Գլո΄ւխս արդուկեցիք… Յոգնեցայ աս խաղէն…
Չղջիկը

Մուկերուն թագաւորը տուրք կը հաւաքէր… Ամեն մէկ մուկ վճարած էր, միայն չղջիկը վճարած չէր… Մուկերուն թագաւորը կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը թեւերը ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – Ո՞վ տեսած է թեւերով մուկ… Չէ, չէ, մուկ չեմ, թռչո՛ւն եմ, ինչո՞ւ տուրք վճարեմ… Թռչուններուն թագաւորը անմիջապէս կանչեց չղջիկը, պահանջեց տուրքը… Չղջիկը ակռաները ցոյց տուաւ ու ըսաւ` – […]
Գաղտնիքներ

Լարե՜ր՝ ելեկտրակա՛ն լարեր, լարերուն մէջէն կը հոսին գաղտնիքնե՜ր… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարին թառեցաւ ու բոլո՜ր գաղտնիքները ուշի ուշով մտիկ ըրաւ… Փոքրիկ ճնճղուկը ելեկտրական լարէն թըռ թռա՜ւ ու բոլոր գաղտնիքները ճնճղուկներուն ըսաւ… Լուսաբացին, ճիւ ճիւ ճնճղուկները բոլո՜ր գաղտնիքները պատմեցին բոլորի՜ն… Եթէ լուսաբացին՝ գլուխդ տակաւին բարձին, ճիւ ճիւ ճնճղուկներուն ականջ տաս, այս աշխարհին բոլո՜ր գաղտնիքները կը գիտնաս…
Քառակուսիէն դուրս

Կլոր, քառակուսի, եռանկիւն… Եւ տակաւին ուրիշ շատ ձեւեր։
Գիտութիւն (2016) Բ. Տարի

Գիտութիւն Բ դասագիրքը կը պատկանի Գիտութիւն շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, առաջին դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Բոյսերը եւ անոնց շրջապատը Ծանօթանանք պարտէզներուն Անձնական պարտէզներ Հանրային պարտէզներ Հոգ տանինք պարտէզներուն Դպրոցին մէջ ցանքեր Իւրաքանչիւր եղանակի՝ իր բոյսերը Ինչի՞ կը […]
Գիտութիւն (2016) Ա. Տարի

Գիտութիւն Ա դասագիրքը կը պատկանի Գիտութիւն շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, առաջին դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Բոյսերը եւ անոնց շրջապատը Շուրջս՝ բոյսեր Ամէն տեսակի բոյսեր Ամէն տեսակի տերեւներ Բոյսերը մեզի օգտակար են Անասունները եւս բոյսերու պէտք ունին Ամէն […]
Գիտութիւն (2016) Գ. Տարի

Գիտութիւն Գ դասագիրքը կը պատկանի Գիտութիւն շարքին։ Այս դասագիրքը գործածելով, առաջին դասարանի երեխաները կը յայտնաբերեն գիտական աշխարհին զանազան հարստութիւնները։ Ստանալու համար դիմել Նարեկացի գրատուն։ Այստեղ կարելի է գտնել դասագիրքին մէջ ներառուած նիւթերուն ցանկը։ Բոյսերը եւ անոնց շրջապատը Կանաչ բոյսի մը մասերը Զանազան տեսակի բոյսեր Չորս եղանակներու ծաղիկներ Ծաղիկներ եւ պտուղներ Անասունները եւ անոնց շրջապատը Կենսունակ […]
Գիտութիւն Բ. Տարի

«Գիտութիւն Բ Տարի» գիրքը մաս կը կազմէ «Գիտութիւն» շարքին եւ կը պարունակէ 10 միաւոր։ Հատորը կը ներկայացնէ մանուկին ապրած նիւթական աշխարհէն քաղուած ու իր առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող կարգ մը գիտական իրողու-թիւններ, որոնք կը պարզուին հիմնուելով գիտական մտապատկերներու եւ գաղա¬փար-ներու վրայ։ «Գիտութիւն» շարքը այժմ դադրած է գործածուելէ դպրոցներու մէջ, սակայն որպէս շահեկան աղբիւր ուսուցիչներուն […]