Բառաշխարհ

«Բառաշխարհ» աշխարհ մըն է ուր տեղ գտած են մեզ շրջապատող եւ առօրեային վերաբերող էակներ, առարկաներ եւ գաղափարներ՝ տուն, խոհանոց, պարտէզ, փողոց, բնութիւն, անասուններ, առողջապահութիւն, սնունդ, հագուստեղէն եւ դեռ ինչե՜ր… «Բառաշխարհ» գիրք մըն է, զոր կարելի է գործածել որպէս ուսուցման օժանդակ աշխատանքի գիրք, որպէս բառապաշարի աղբիւր եւ կամ պարզապէս հաճոյքով թերթատել։
Անտառին գաղտնիքը

Եղնիկը, որ անտառին ամենէն համով կարկանդակները կը պատրաստէ, ամէն օր՝ միայն իրեն ծանօթ գաղտնի տեղէ մը պտուղներ կը քաղէ։ Իր քաղած պտուղներով ու Գաղտնի Համերու Գիրքին օգնութեամբ հրաշքներ կը գործէ խոհանոցին մէջ։ Սակայն օր մը Գաղտնի Համերու Գիրքը կը կորսուի։ Արդեօք յետոյ ի՞նչ պիտի պատահի։
Հիփփօ

Հիփփօ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով մանկական պատկերազարդ գիրքերու հրատարակչատունը կը գործէ Պոլսոյ մէջ։ Հրատարակչատան առաջնահերթութիւնն է հանրային խնդիրները նիւթ ունեցող գիրքերու միջոցաւ հասնիլ երեխաներուն, արծարծելով մանկական գործաւորութիւնը, աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը, ընտանիքներուն կողմէ լքուած մանուկները եւ այլ նման խնդիրներ։ Թարգմանական գիրքերու ընտրութեան ժամանակ ուշադրութիւն կը դարձուին նաեւ երեխաներուն մտահոգութիւններուն՝ սէր, ընկերութիւն, աշակերտութիւն, հասունութիւն, եւ այլն։ Միւս կողմէ, […]
Մեղրադդում

Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի… Դդում՝ մեղրադդում… Դդումին փորը պարպեցի, մէջը բրինձ, մեղր ու կարագ լեցուցի, թոնիրին մէջը կախեցի… Ղափամա, ղափամա, -դրացիին անունը- մեզի հիւր թող գայ…
Շաբթուան օրերը

Երկուշաբթի՝ Որո՞ւն գուլպան կը հոտի… Երեքշաբթի՝ Հոտէն քիթս կը փրթի… Չորեքշաբթի՝ Մնացի առանց քիթի… Հինգշաբթի՝ Փրթած քիթս թուքով փակցուցի… Ուրբաթ՝ Վա՛յ, փրթած քիթս թուքով սխալ փակցուցի… Շաբաթ՝ Թուքով սխալ փակած, փրթած քիթս կը ծռի՜… Կիրակի՝ Գուլպա՛դ փոխէ, թուքով սխալ փակած, փրթած, ծո՛ւռ քիթս նորէն չփրթի…
Կաթսային մէջ

Տերեւը՝ որթատունկի տերեւը… Միջուկը՝ սոխը ձէթը բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Որթատունկի տերեւը, մէջը դրի միջուկը՝ սոխը ձէթը բրինձը, ազատքեղը, անանուխը, համեմը եւ լեմոնը… Աջէն ձախէն ծալեցի եւ մատիկ մատիկ փաթթեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ փաթթեցի եւ կաթսային մէջ քով քովի շարեցի… Աջէն ձախէն ծալեցի, մատիկ մատիկ փաթթեցի, կաթսային մէջ քով քովի շարեցի […]
Երկար թել

Կը մանէ, կը մանէ, մեծ մայրիկը կը մանէ, բուրդ ու բամպակ կը մանէ… Կը փաթթէ, կը փաթթէ, մեծ մայրիկը կը փաթթէ, երկար թելը կը փաթթէ… Կը հիւսէ, կը հիւսէ, մեծ մայրիկը կը հիւսէ, պատմութիւն մը կը հիւսէ… Կը պատմէ, կը պատմէ, մեծ մայրիկը կը պատմէ, պատմութիւնը անվերջ է… Այս աշխարհը կլոր է…
Բառ ու պար

«Բառ ու պար» ծրագիրը 9 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հիւսուած Անահիտ Սարգիսեանի կողմէ։ Այս խաղերը կարելի է խաղալ խումբով, բացօթեայ կամ սրահի մէջ։ Վարի յղումներուն միջոցաւ կրնաք հասնիլ իւրաքանչիւր խաղի էջին, ուր կարելի է գտնել խաղին տեսերիզը եւ խօսքերը։ «Բառ ու […]
Ալնիս Բալնիս

«Ալնիս Բալնիս» արեւմտահայերէնով պատրաստուած տեսերիզներու շաբաթական ծրագիր մըն է, ուղղուած՝ 7-էն 12 տարեկաններուն։ Ամէն շաբաթ նոր հարցումի մը միջոցաւ նոր նիւթ մը կ՚արծարծէ, քննադատական կեցուածք մը մշակելով եւ նոյն ատեն խաղալով եւ ստեղծելով։ Բնապահպանման խնդիրներէն մինչեւ մարդկային իրաւունքներ, գիտութենէն պատմութիւն, «Ալնիս բալնիս»ի դրուագները բազմակողմանի զարգացումի կարեւոր առիթ մը կ՚ընծայեն, գործածելով ժամանակակից միջոցներ։ 10-15 վայրկեան տեւողութեամբ […]
Ակուլ Տուկուլ

«Ակուլ Տուկուլ» արեւմտահայերէնով պատրաստուած տեսերիզներու շաբաթական ծրագիր մըն է, ուղղուած՝ 2-էն 6 տարեկաններուն։ Խաղերու, երգերու, պատմութիւններու եւ հանելուկներու փունջ մը կը հրամցնէ հայախօս եւ ոչ հայախօս երեխաներու, որոնք կրնան հաճոյքով հետեւիլ յաջորդական դրուագներուն։ 10-15 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզները բաղկացած են զանազան հատուածներէ՝ «Մէկ նկար, երկու բառ», «Գրչատուփս անօթի է», «Կողովիս մէջ ի՞նչ կայ, ի՞նչ», «Երեք տառով […]