Երաժշտական արխիւ

Օսմանեան շրջանի հայկական աշխարհը իր բազմազանութեամբ ծանօթացնելու իր նպատակէն մեկնելով, Յուշամատեանը լայն տեղ կու տայ նաեւ երաժշտութեան։ Թէ՛ կայքէջին, թէ՛ առանձին SoundCloud-ի էջին վրայ տեղադրուած հաւա¬քածոներով, Յուշամատեանը հարիւրաւոր թուայնացուած երաժշտական կտոր¬ներ կը հրամցնէ, որոնք ի մի բերուած են զանազան անհատական արխիւներ համախմբող աշխա¬տան¬քին շնորհիւ։ Ներկայացուած երգացանկերը օսմանեան շրջանի Հայերուն մշակութային բազ¬մա-զանութիւնը լաւապէս կը դրսեւորեն, ու […]
Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ

Աստղիկը դպրոցական մըն է։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր ընկերուհիները իրմէ աւելի մեծ կ՚երեւին։ Ինք եւս պէտք է մեծնայ շուտով։ «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» գիրքը ընթերցողին կը հրամցնէ պատանի դպրոցականի մը առօրեայ արկածախնդրութիւնները եւ իր գտած հնարամիտ լուծումները։ Գիրքը արժանացած է 2021-ի Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակին։
Թէ ինչպէս…

Փաթիլը միշտ հետաքրքրական – եւ քիչ մը խենթուկ – ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին մէջ, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց […]
Նշանս

Հրաչին սրունքին վրայ ծննդեան նշան մը կայ։ Ան բնա՛ւ չի սիրեր իր այս վարդագոյն նշանը, նոյնիսկ կ՚ատէ՛ զայն։ Եւ հակառակ զայն թաքցնելու իր բոլոր ճիգերուն՝ նշանը անհետանալու միտք չունի։ Եւ Հրաչը ընկերները տպաւորելու համար իր նշանին կախարդական ծագումին մասին պատմութիւններ կը յօրինէ… բայց բան չի փոխուիր, ան տակաւին նոյնքան կ՚ատէ իր նշանը։ Յանկարծ օր մը […]
Այն օրը, երբ…

Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր թէ ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր…։ Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ […]
Փոքրիկ Նիկոլը

Փոքրիկ Նիկոլը ամենէն չարուկ, ամենէն խելացի եւ նոյն ատեն ամենէն զգայուն տղան է։ Դպրոցին մէջ տեսակ տեսակ արկածներ կ՚ունենայ իր ընկերներուն հետ։ Ընթերցողները պիտի սիրեն փոքրիկ Նիկոլը եւ անոր հետ պիտի անցնեն զուարթ եւ հաճելի ժամանակ։ Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը վեց պատմուածքներ կը ներկայացնէ, որոնք առնուած են Փոքրիկ Նիկոլի «Դպրոցական Վերամուտը» գիրքէն։ Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ «Ֆրանսայի […]
Նայիրի-Ստեղն

Նայիրի-Ստեղնի միջոցաւ կարելի է որեւէ ծրագիրի մէջ հայերէն գրել և զուգահեռաբար ստուգել ուղղագրութիւնը։ Պատգամներ կամ նամակներ գրելու ժամանակ, ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներ ընելու ատեն, կամ ընդհանրապէս խելախօսի մէջ որեւէ բան գրելու ատեն, կարելի է ստուգել գրուածին ուղղագրութիւնը։ Ծրագիրը իր սրբագրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով շտեմարանի մը վրայ որ աւելի քան 150,000 բառ եւ հինգ միլիոն բառաձեւ […]
Կամուրջներ շինենք Ե.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ «Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկին այս անգամուան նիւթն է վերամշակումը։ Ընթերցողը նաեւ կը ծանօթանայ զանազան այլ բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկը կը պարունակէ խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Գրքոյկները պատրաստուած […]
Կամուրջներ շինենք Դ.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ «Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկին այս անգամուան նիւթերն են ծառերը եւ անտառները։ Ընթերցողը նաեւ կը ծանօթանայ զանազան այլ բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկը կը պարունակէ խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ […]
Կամուրջներ շինենք Գ.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ «Կամուրջներ շինենք» շարքին երրորդ պատկերազարդ այս գրքոյկը ընթերցողին կը ծանօթացնէ զանազան բնապահպանական նիւթեր։ Գրքոյկը կը պարունակէ նաեւ լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Այս թիւին արծարծուած նիւթն […]