մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

տըզ պըզ

այն ո՞վ է… ծաղիկէ ծաղիկ կը թռչի, փեթակ ունի բոյն չունի… շուշան, մեխակ, վարդ ,մանուշակ ե՜ւ… շիփ շիտակ դէպի փեթակ… պատրաստածը անուշ է, սակայն պոչիկը փուշ է․ մեղրը ուտեմ մատիկ մատիկ, չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ… համը տեսայ, համը տեսայ, պնակին տակը տեսայ… տըզ… պըզ… տըզ տըզ… պըզ պըզ… տըզ պը՞զ… տըզ պըզ… ե՜ւ վը՜զ… վը՜զ… […]

փիղը

այն ո՞վ է… շա՜տ հսկայ է, քիթն ալ երկա՜ր փող է… պատիճը երկա՜ր, հսկայ փիղն է․ հսկա՜յ փիղին պատիճը վեր, պատիճը վար․ հսկայ փիղը, երկա՜ր փողը․ փիղը փողի ձայն ունի, փողը փիղի ձայն ունի․ պարոն փիղին փողկապը․ տիկին փիղին փոթ փոթ փէշը․ պարոն փիղը փողկապ չունի․ տիկին փիղը փէշ չունի․

մէկ երկու երեք

եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, մո՛ւկը եկաւ․ եկաւ մէկ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, կատո՛ւն եկաւ․ եկաւ երկու․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, ո՞վ եկաւ․ եկա՜ւ, եկա՜ւ, շո՛ւնը եկաւ․ եկաւ երեք․ մէկ, երկու, երե՜ք… վազեցէ՜ք… շունը կատուն, կատուն մուկը, մուկը ծակը… երազին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ…

ընտանիքը

հայրիկ, մայրիկ, եղբայր, քոյրիկ, ընտանիք․ հայրիկին եղբայրը՝ հօրեղբայր․ հայրիկին քոյրը՝ հօրաքոյր․ մայրիկին եղբայրը՝ մօրեղբայր․ մայրիկին քոյրը՝ մօրաքոյր․ մեծ հայրիկ եւ մեծ մայրիկ, երկու թոռնիկ ընտանիք․ մոռցանք չալիկը եւ լաչիկը… ընտանիք՝ պզտիկէն մեծ կամ մեծէն պզտիկ…

ճամբրուկը

արձակուրդ է, ճամբորդենք, ճամբրուկդ առ, ճամբորդենք, ինչո՞վ կ՚ուզես ճամբորդենք… ուղղաթիռով ճամբորդենք․ օդանաւով ճամբորդենք․ առագաստանաւով ճամբորդենք․ շոգենաւով ճամբորդենք․ շոգեկառքով ճամբորդենք․ ըսաւ, չըսաւ, ըսաւ, չըսաւ, հասաւ… շոգեկառքը առանց անիւի, ինչպէ՞ս երթանք արձակուրդի… երկաթուղին փայտ չունի, կայարան հասնիլը անկարելի… ճամբրուկ, ճամբրուկ, ծանր ճամբրուկ․ լեփ լեցուն, քանի՞ քիլօ․ ճամբրուկ, ճամբրուկ, թեթեւ ճամբրուկ․ պաս պարապ, քանի՞ քիլօ… բարի արձակուրդ բոլորին, […]

մուտք

ես, դուն, քանի՞ տարեկան, քանի՞ մոմ կարկանդակին վրան․

հաւնոցը

այն ո՞վ է․․․ թագը սղո՛ց, ձայնը լո՛յս․ հաւնոցին աքլորն է, զիլ ձայնով կը կանչէ․ ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ, առտու է, առտո՜ւ․ ծուղրուղո՜ւ, կուկուլիկո՜ւ, աղուէսը հաւնոցէն հեռո՜ւ․ մէկ հաւնոց, տասը հաւ, քանի՞ հաւկիթ․․․ կը՛տ, կը՛տ, կըտա՜կ, հաւկիթներ տա՛ք, տա՜ք․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, տապկուած հաւկիթ․ դեղնուցը ինծի՛, ճերմկուցը քեզի՛․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, խաշած հաւկիթ․ միջուկը ինծի՛, կեղեւը քեզի՛․ հաւկի՜թ, հաւկի՜թ, զո՛յգ […]

հացին երգը

կաթի՛լ, կաթի՛լ, անձրեւ եկաւ․ ոսկի՛, ոսկի՛, ցորե՛ն բուսաւ․ ցորենը տանիմ ջաղացքին տամ․ ջաղացքը ինծի ալիւր տայ․ ալի՛ւր, ալի՛ւր, պա՛րկ մը ալիւր․ ալիւրը տանիմ մամիկին տամ․ մամիկը ալիւրը մաղէ, խմորը շաղէ, թոնիրը վառէ, լաւաշը թխէ․ ծա՛փ, ծա՛փ, ծափիկով, լաւաշը ուտեմ պանիրով․ մամիկս ալիւր կւ մաղէ, մամիկս ալիւր կը մաղէ․ մամիկս խմոր կը շաղէ, մամիկս խմոր կը […]

մամիկը

կը մանէ՜, կը մանէ՜, մամիկը կը մանէ՜, իլիկով կը մանէ․ կը կարէ՜, կը կարէ՜, մամիկը կը կարէ՜, ասեղով կը կարէ․ կը հիւսէ՜, կը հիւսէ՜, մամիկը կը հիւսէ՜, ճաղերով կը հիւսէ․ պարոն դերձակ, անունը սեդրակ, ունի ասեղ տեսա՜կ, տեսա՜կ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, երկա՜ր ասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, կա՛րճ ասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, հա՛ստ ասեղ․ ասե՛ղ, ասե՛ղ, բարա՜կ ասեղ․ ասե՛ղ, […]

ջրծաղիկ

ծաղի՛կ, ծաղի՛կ, ջրծաղիկ, ամեն տեղ բշտի՛կ, բշտի՛կ․ քիթիկին ծայրը, այտիկին վրայ, մատիկին ծայրը, փորիկին վրայ․ բշտիկնե՜ր կարմրուկ, ամեն տեղ քերուըտուք․ քիթիկին ծայրը, այտիկին վրայ, մատիկին ծայրը, փորիկին վրայ․ շո՛ւտ կանչեցէք բժիշկը, թող վերջանայ այս քերուըտուքը․ դեղարա՜ն, դեղարա՜ն, դեղերը շարա՜ն, շարա՜ն․ դե՛ղ, դե՛ղ, խմելիք դեղ․ դե՛ղ, դե՛ղ, քսելիք դեղ․ արամիկը ջրծաղիկ ունի, ամեն տեղ կը քերուըտի․ […]