Տրտունջը

Խխունջիկը՝ Խուճկուլուլուն տոտիկ չունի, անձրեւին տակ տրտո՜ւմ տխուր կը թափառի… Բայց տասնվեց տոտիկներով Թութուպա թրթուրը, մի՛շտ օգնութեան կը հասնի։ Նայինք այս անգամ ի՛նչ պիտի ընէ իր վաղեմի ընկերոջ համար։
Երանի Բ

Խխունջիկ Խուճկուլուլուն, այս անգամ իր ընկերը՝ Թրթուրիկ Թութուպան կը կորսնցնէ… Տրտո՜ւմ տխուր է Խուճկուլուլուն… Կ՚անցնի ցուրտ ձմեռը, կու գայ գարունը, եւ ծի՛կ, թիթեռնիկ մը կը թառի պատեանին վրայ… Ո՞վ է արդեօք այս նոր ընկերը, որուն դէմքը շա՜տ, շա՜տ ծանօթ է…
Ժամադրութիւնը

Խուճկուլուլուն այսօր ժամադրութիւն ունէր, թէ արդեօք չունէ՞ր։ Մէկը պիտի գա՞ր ժամադրութեան։ Այս եւ նման հարցումներու մէջ կորսուած, խեղճ Խուճկուլուլուն կ՚երթայ, կու գայ։ Ի՞նչ ընէ հիմա, վաղը ե՞տ գայ ժամադրութեան…
Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները

Զարմանալի անուններով կերպարներ են, այս կարճ տեսերիզներուն հերոսները, որոնք երգով ու կատակով կը պատմեն պարզ դրուագներ առօրեայ կեանքէն, սակայն յաճախ փիլիսոփայական մօտեցումով։ Զարմանալի անուններով այս հերոսները, կը պատմեն ոչ միայն փոքրիկին, այլ մեծով, պզտիկով, ամբո՛ղջ ընտանիքին… ու ժպիտ մը գաղտուկ կը գծագրուի դիտողին դէմքին վրայ… Հեղինակն է Անահիտ Սարգիսեան
Փոքրիկ

«Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։ Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ: «Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ […]
Յուշամատեան

«Յուշամատեան»-ի հիմնական նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն կեանքին յիշողութիւնը։ Յօդուածներու, քարտէսներու, նկարներու, ձայնային արձանագրութիւններու եւ տեսերիզներու միջոցաւ, կայքէջին այցելուները կը յայտնաբերեն օսմանեան հայերու կեանքը, արուեստները, արհեստները, ուտելիքները, կրթական եւ հոգեւոր կեանքը, ընկերային միջավայրը եւ շատ աւելին։ Յուշամատեան կայքէջին մէջ կան երեք հիմնական բաժիններ. առաջին, յօդուածներ աշխարհագրական յատուկ վայրի մը հայկական […]
Աղուոր բաներ

«Աղուոր բաներ» ծրագիրը իր կայքէջին եւ հասարակական ցանցերու էջերուն միջոցաւ օրական դրութեամբ կը տարածէ բառ մը, խօսք մը, երկտող մը, նկար մը, ձեւաւորում մը, ձայն մը կամ տեսերիզ մը։ Նպատակն է համացանցի վրայ ժամանակ անցընող հետեւողներուն ներկայացնել մատչելի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնի ներկայութիւն մը։ Նիւթերը ընդհանրապէս ներշնչուած են առօրեայ խօսքերէ, քիչ գործածուող բառերէ, արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ […]
Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Շրջուն վաճառականէն պաղպաղակ գնող տղուն գնդակը շէնքէ մը ներս կ՚իյնայ։ Երբ կը փորձէ առնել գնդակը, կը տեսնէ, որ հոն ուր ինկած է՝ սեւ ակնոցներով մարդիկ խսիրէ աթոռներ կը շինեն։ Տարիներ կ՚անցնին… Գնդակը նոյն տեղն է տակաւին եւ նոյն Շրջուն վաճառականը կու գայ նոյն երգով։ Ի՞նչ բան փոխուած է այս փողոցներուն մէջ այսքան տարուան ընթացքին։ Ժամանակը, […]
Թահինով հացը – Տարչինով կամ առանց տարչինի

Ինչպէ՞ս կը շարունակուի թահինով հաց պատրաստելու աւանդութիւնը, որ շատ հին ժամանակներէ կու գայ։ Տեսերիզը կը հետախուզէ թահինով հացին պատմութիւնը՝ Լիբանանէն Հոլանտա։ Հիմա, թահինով հացը տարչինո՞վ կ՚ուզէք, թէ առա՛նց տարչինի։
Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Սէրուժ Յովսէփեան հետեւեալ հարցումը կ՚ուղղէ. «Եթէ առիթը ունենայիր փոխելու բան մը մեր գաղութէն ներս, ի՞նչ կ՚ըլլար այդ մէկը»։ Այս կարճ տեսերիզին մէջ, հեղինակը իր ստացած պատասխանները կը ներկայացնէ։