Նուարդիկին կոճակը

Երբ մկնիկը գայ Նուարդիկին ակռան առնելու, Նուարդիկը ի՞նչ պիտի ուզէ փոխարէնը։ Կոճակ մը բաւարա՞ր է։
Հայելին

Խուճկուլուլուն հայելիի մը առջեւ կը յայտնուի, իսկ հայելիին մէջէն, մէկը իրեն կը նայի… Ո՞վ է արդեօք…
Ցուրտ ձմեռը

Ցուրտ ձմեռ է։ Խուճկուլուլուն ի՞նչ հագնի, որ չմսի։ Գլխարկ մը եւ թաթպան մը բաւարա՞ր են արդեօք։
Լուացքը

Լուացքը ինչպէ՞ս կ՚ընեն։ Տաք ջուր, պաղ ջուր, օճառ եւ փրփուր։ Ուրի՞շ… քիչ մըն ալ խաղ ու լուացքի պարան։ Հապա՞ եթէ պարանը փրթի ու լուացքը իյնայ աղտոտի… Ուրեմն՝ նորէ՛ն տաք ջուր, պաղ ջուր, օճառ եւ փրփուր։ Շապիկը, տաբատը, հագուստը եւ անշուշտ՝ փո՛թ փո՛թ փէշը։
Տարեդարձը

Եկէ՛ք, կարկանդա՛կ մը թխենք եւ տօնենք, բայց արդեօք որո՞ւն տարեդարձն է։ Անո՛ր, որ առաջինը կը փչէ ու կը մարէ մոմերը։ Քանի՞ մոմ…
Մատիտը եւ Նինինուն

Մատիտը եւ Նինինուն ճերմակ թուղթին վրայ, սեւ գիծերով կը խաղան… Աջ, ձախ, վեր, վար, կը գծեն աչուկները, քիթը, բերանը, թել թել մազերը Լալային… Աւելին՝ փորիկը, թաթիկները, տոտիկները եւ անշո՛ւշտ կարմիր կօշիկները… Իսկ երբ Լալային կարմիր կօշիկը կը կապեն…
Իմ մամաս ու ես

Մամային սեւ սեւ մազերէն կախուած, մէկէն մինչեւ ինը համրելով, համբերելով, դիտողը կը մանկանայ ու կը հասնի տաքո՜ւկ գիրկը մամային…
Ճիճոզը

Աչխփուկ, պահուըտուք, փսփսուք, փնտռտուք եւ հանելուկ… Հինգ հանելուկները գուշակելով, կամա՜ց կամաց թաքստոցէն կը յայտնուի պահուըտուք խաղացող Ճիճո՛զը։ Իսկ երբ հարցնեն, թէ ինչո՞ւ խոշոր աչքեր, ականջներ եւ ձեռքեր ունի, Ճիճոզը բոլորի՜ն՝ ամբո՛ղջ աշխարհին աղուոր պատասխան մը ունի։
Արեւ եւ անձրեւ

Թութուպան եւ Խուճկուլուլուն, այսինքն՝ թիթեռնիկը եւ խխունջիկը, վաղեմի ընկերներ են, սակայն խնդիր մը ունին․ մէկը արե՛ւ կ՚ուզէ, միւսը անձրե՛ւ։ Անձրեւին՝ մէկը տխուր, միւսը ուրախ, արեւին՝ մէկը ուրախ, միւսը տխուր… Երկու ընկեր ի՞նչ ու ինչպէ՞ս ընեն, որ միաժամանակ ուրա՛խ ըլլան…
Երանի

Թրթուրիկ Թութուպան տասնվե՛ց տոտիկ ունի, իսկ խխունջիկ Խուճկուլուլուն՝ ո՛չ մէկ տոտիկ։ Անտրամաբանական է։ Երանի չէ՞ր ըլլար, եթէ Թութուպային վեց տոտիկները Խուճկուլուլուի՛նը ըլլային։ Երանի՜… Հապա՞ եթէ ուրիշ լուծում մը գտնենք…