Անաւարտութիւն

Այս գրութիւնը կը վերաբերի արուեստի գործերու աւարտի եւ անաւարտի խնդիրներուն։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Յանուն հօր եւ որդւոյ
Նամակներ Զաաթարէն
Մերինները

Միջոցային եւ ժամանակային տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը։ «Մերինները…» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին Պէաթրիսի, Հերիքնազի կամ Ղազարոսի դէմքի արտայայտութիւններով, մտմտումներով, շուքին տակ մնացած անոնց նիստուկացով։
Գորալին

Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ։ Հարցը մշուշոտ ըլլալը չէ՛, ո՛չ ալ զինքը անդադար ուշի ուշով դիտող կատուն, ո՛չ իսկ իր նոր դրացիներուն՝ օրիորդ Սփինքին եւ օրիորդ Հորսիպլին կողմէ թէյի տերեւներուն մէջ կարդացած վտանգի ազդանշանները։ Չէ՛, հարցը միւս տունն է, այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է։ Այդտեղ ուրիշ մայր […]
Վարձու սենեակ

Վարձու սենեակ պատմուածքներու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1939-ին, Փարիզի մէջ։ Որբունիի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի հայ գաղութի կեանքէն պատկերներ։ Գիրքին վերջաւորութեան կայ նաեւ Զարեհ Որբունիի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Անձրեւոտ օրեր

Որբունիի «Անձրեւոտ օրեր» հատորը առաջին անգամ լոյս տեսած է Փարիզ, 1958 թուականին։ Յետպատերազմեան տարիներու ֆրանսահայ գաղութէն պատկերներ հաւաքող՝ տասնհինգ պատմուածքներէ բաղկացած ժողովածու մըն է։
Արեւ, արեւ

Փայլակ Միքայէլեանի վէպը նախ հրատարակուած է որպէս թերթօն Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ 1932 թուականին, ապա՝ լոյս տեսած է առանձին հատորով՝ «Յառաջ» մատենաշարէն, 1933-ին։ Վէպը կը պատկանի Փարիզի մէջ ծայր տուած սփիւռքահայ գրականութեան առաջին սերունդին, անոր մէջ կայ «ամբողջական նկարագիրը որբերու, մենակեացներու, տնանկներու», ինչպէս կ՚ըսէ նոր հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած բանաստեղծ ու գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ։
Կը հրաժարիմ հայութենէ

Կը հրաժարիմ հայութենէ վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1949-ին, Փարիզի մէջ։ Փօլատեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ հաւաքուած մի քանի երիտասարդի պատմութիւնը։ Ի՞նչ կը պատահի երբ անոնցմէ մէկը յուսահատի իր շրջապատէն։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Կարօ Փօլատեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Անջրպետի մը գրաւումը

«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։