մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Հարիսա

խաղալ փետրուարին՝ Վարդանանքին Ձեռք ձեռքի, ձեռք ձեռքի, կաթսան բերենք, կրակը վառենք… Ցորենը, կաթսային մէջ ցորենը… Սոխը միսը, ցորենը, կաթսային մէջ ցորենը… Սոխը միսը, կարագը, ցորենը, կաթսային մէջ ցորենը… Սոխը միսը, կարագը եւ շերեփը… Հարէ΄, հարէ հարիսա՜… Հարէ΄, հարէ հարիսա՜… Հարէ΄, հարէ, յոգնեցա՜յ… Հարէ΄, հարէ, յոգնեցա՜յ… Կերա՜յ, կերայ հարիսա՜… Կերա՜յ, կերայ հարիսա՜… Մէ՛կ պնակ, աւելի՜… Երկո՛ւ […]

Տօն տօն է

Ամանորի խաղ Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, մեր դուռը կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, ձեր դուռը կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, դռները կը թակէ… Տօն, տօն է, այսօր տօն է… Նոր տարին եկեր է, կաղին նուշ […]

Լուացքը

Ձեռնախաղ` երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Մամիկ թոռնիկ, ա՛փ մը նուշ, ե՛ւ… անո՛ւշ թոռնիկ։ Մամիկ թոռնիկ, պտղո՛ւնց մը աղ, ե՛ւ… աղուո՛ր թոռնիկ։ Անուշիկ թոռնիկ, աղուորիկ թոռնիկ, ինքը մէկ թիզ, լեզուն երկա՛ր՝ եօթը թիզ։ Մեր խաղաշխարհը կը սկսի երեխային աշխարհը չափելու միջոցներով։ Մէկ մատ է, քանի՞ թիզ է…։ Հեռու չէ՛, երկու քայլ է…։ Առօրեայ խաղերու ժամանակ գործածել […]

Պըճինկօ

Ամենէն փոքրիկներուն համար՝ երկու, երեք տարեկան…։ Աղուէսիկը պիտի գայ…։ Թող գայ, թող գայ…։ Աղուէսիկը պիտի գայ…։ Թող գայ, թող գայ…։ Միտքը ծուռ է… պոչը ծաղիկ է, Աղուէսը եկաւ մութ անտառէն… Օ, պըճինկօ՛։ Հաւ մը գողցաւ մեր հաւնոցէն… Օ, պըճինկօ՛։ Երեսը ուռեցնել, ապա մատներով պայթեցնել փուչիկի նման երեսը, կրկնելով՝ Օ՛, պըճինկօ՛։ վայելելով փոքրիկին խենթուկ խնդուքը…։

Բոյնը

Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Իսկ մայրիկը մտահոգ է… Ինչո՞ւ տունը ծուխ լեցուեր է… Ծխնելոյզը արդեօք փա՞կ է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Արագիլը բոյն շիներ է, մարդ չի գիտեր ո՛ւր դրեր է… Հայրիկն ալ […]

Արեւ լուսին աստղ

Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի՛ աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ… Ծամերդ հիւսեմ, աստղերուն կապեմ… Աստղերը քեզ օրօրե՜ն, յուշիկ յուշիկ քեզ օրօրե՜ն… Արեւ լուսին աստղ… Արեւ լուսին աստղ… Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի՛ աղջիկ… Մազերդ սանտրեմ, ծամերդ հիւսեմ… Ծամերդ հիւսեմ, աստղերուն կապեմ… Աստղերը օրօ՜ր երգեն, յուշիկ յուշիկ օրօ՜ր երգեն… Արեւ լուսին աստղ… Արեւ լուսին աստղ… Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի՛ աղջիկ… Ցերեկը […]

Ափ եւ ծափ

Հինգէն եօթը տարեկաններու համար. խաղալ երկու ընկեր միասին վերամուտին, Թարգմանչացին…։ Ընկեր մը… ընկեր մը…։ Բարեւ մը… բարեւ մը…։ Հանգոյց մը… հանգոյց մը…։ Հանգոյցը քակեցի, հանգոյցը քակեցի…։ Այբուբեն…։ Ծափիկ, ծափիկ, Այբ Այբ…։ Ծափիկ, ծափիկ, Բեն Բեն…։ Ծափիկ, Այբ, ծափիկ, Բեն…։ Ծափիկ այբուբեն…։ Խաղը պարզ կը թուի, սակայն ոչ այնքան, մանաւանդ երբ շուտասելուկը կ՚աշխուժանայ, կ՚արագանայ…։ Խաղալ ոտքի […]

Քանի՞ թիզ

երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Մամիկ թոռնիկ, ա՛փ մը նուշ, ե՛ւ… անո՛ւշ թոռնիկ։ Մամիկ թոռնիկ, պտղո՛ւնց մը աղ, ե՛ւ… աղուո՛ր թոռնիկ։ Անուշիկ թոռնիկ, աղուորիկ թոռնիկ, ինքը մէկ թիզ, լեզուն երկա՛ր` եօթը թիզ։ Մեր խաղաշխարհը կը սկսի երեխային աշխարհը չափելու միջոցներով։ Մէկ մատ է, քանի՞ թիզ է…։ Հեռու չէ՛, երկու քայլ է…։ Առօրեայ խաղերու ժամանակ գործածել մատները, […]

Ընկերներ ընկերներ

Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն ութ տարեկաններու համար…։ Երկու խումբի բաժնուիլ ու դէմ դիմաց ձեռք ձեռքի, ուս ուսի կանգնիլ…։ Խաղը կրկնելով, առջեւ ետեւ, երթալ ու գալ չափով, գրեթէ պարային…։ Ընկերներ, ընկերներ, սիրուն ընկերներ…։ Ի՞նչ կ’ուզէք, ի՞նչ կ’ուզէք, մեր այս խումբերէն…։ Աղուոր աղջիկ մը տեսանք, անիկա կ’ուզենք…։ Այն աղջկան անունը մեզի յայտնեցէք…։ Այն աղջկան անունը …….. է…։ […]

Խնոցի

Խմբային խաղերու շարք Խնոցի Ամենէն փոքրիկներուն՝ գիրկի երեխաներուն…։ Գիրկը նստած երեխան ետեւ առջեւ օրօրել ու երգել…։ Հարի, հարի, խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Մէջդ բարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Հարի, հարի, խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Մէջդ կարագ խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Հարեցի, հա հարեցի, դեղին կարագը հանեցի…։ Եւ […]