զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Տարիք՝ 7-18
    Բնագիր՝ Les Derniers Géants (ֆրանսերէն)
    Հեղինակ եւ նկարազարդող ՝ Ֆրանսուա Փլաս
    Նկարազարդող՝ Մատալենա Մաթոզօ
    Թարգմանիչ՝ Շաղիկ Մկրտիչեան
    Էջերու քանակ՝ 78
    Հրատարակիչ՝ Ապրիլ
    Հրատարակութեան թուական` 2020

    Զարդիս մատենաշար

    Վերջին հսկաները
    Մանկապատանեկան վիպակ
    *«Ինը հոգի էին, հինգ Հսկայ տղամարդ եւ չորս Հսկայ կին: Ոտքէն գլուխ, մինչեւ լեզուն ու ակռաները ներառեալ, խելացնոր խառնափնդորութեամբ գունազարդուած էին

    «Ինը հոգի էին, հինգ Հսկայ տղամարդ եւ չորս Հսկայ կին: Ոտքէն գլուխ, մինչեւ լեզուն ու ակռաները ներառեալ, խելացնոր խառնափնդորութեամբ գունազարդուած էին գծուածքներով, ոլորուն նաշխերով, իրարու հիւսուած զարդերով, պարոյրներով, ծայրագոյն բարդութեամբ կիտանկարներով: Երկար դիտելէ ետք կարելի էր ընդնշմարել այս քմայքոտ բաւիղէն յառնող ճանաչելի նկարներ. ծառեր, բոյսեր, կենդանիներ, ծաղիկներ, գետեր, ովկիանոսներ. իսկական հողի երգ մը, որուն գծուած խազագրութիւնը կը համապատասխանէր իրենց գիշերային, երկնային ոգեկոչումներուն»։

    19րդ դարու կէսերուն, օր մը Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն, որ է՝ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը կը գրէ անոնց մասին։ Սակայն ի՞նչ արդիւնք պիտի ունենայ հսկաներու երկրի գաղտնիքին բացայայտումը։

    Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։

    Գիրքը մաս կը կազմէ Զարդիս մատենաշարին եւ հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

    1/3

    Նոր Յառաջ

    Կապ հաստատել Արթ Պրիճ-ին հետ