զատած էք՝

Հեղինակ՝ Քարեն Չթճեան Բրեսդի
Խմբագիր՝ Սարգիս Մահսերեճեան
Նկարազարդող՝ Ալասթէր Սատլըր
Էջերու քանակ՝ 76
Հրատարակիչ՝ Նաթապելլա
Հրատարակութեան թուական` 2019
Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ
Մանկապատանեկան վիպակ
«Գոհարիկին աչքերը փայլեցան։ Անմիջապէս գործի անցաւ, ես ալ հետը։ Մինչ մաման ուրիշ սենեակի մը մէջ կ՚աշխատէր, խոհանոցին բոլոր անկիւնները փնտռեցինք ու փնտռեցինք, մինչեւ որ գտանք կորսնցուցած գանձերնիս։ Ճիշդ էի. շաքարեղէնները չէին թափուած։ Մեծ կաթսայի մը մէջ դրուած էին»։
Աստղիկը դպրոցական մըն է։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իր ընկերուհիները իրմէ աւելի մեծ կ՚երեւին։ Ինք եւս պէտք է մեծնայ շուտով։ «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» գիրքը ընթերցողին կը հրամցնէ պատանի դպրոցականի մը առօրեայ արկածախնդրութիւնները եւ իր գտած հնարամիտ լուծումները։
Գիրքը արժանացած է 2021-ի Համազգայինի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակին։
«Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» գիրքին հրատարակութիւնը մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- գտնել

