զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Յասմիկ Ինճէճիկեան
    Գործիքաւորում՝ Միհրան Էսէկիւլեան
    Հրատարակութեան թուական` 2015

    Բարի եկար Նուրին
    Մանկական երգեր եւ պատմութիւններ
    Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Նուրին կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները,

    Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Նուրին կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, ճօճանակ, դիմակ, ծաղիկ եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր...։

    Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ, որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն ունին. անհրաժեշտ է զայն զարգացնել կազմակերպուած եւ նպատակադրուած ձեւով։ Այս առումով Պուրպատիկը պարզապէս երգերու հաւաքածոյ մը ըլլալէ անդին, մանկավարժական գործիք մըն է, որ թէ՛ կը զարգացնէ երեխաներուն երաժշտական հմտութիւնները, թէ՛ ալ երաժշտութեան միջոցաւ երեխաները կ՚օժտէ արտայայտուելու զանազան կարողութիւններով։

    «Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը նախ արտադրուած է որպէս առանձին ձայներիզ 1988 թուականին, ապա 2015 թուականին որպէս միացեալ խտասալիկներ «Պուրպատիկ»ի հետ միասին՝ «Հայերէն մանկական երգեր եւ պատմուածքներ» խորագիրով։

    Ձայներիզին ընդհանուր տեւողութիւնը 32 վայրկեան է։
    Հրատարակուած է Vocal Art of Armenian Composers-ի կողմէ։

    Ձայներիզը ներբեռնելու եւ խօսքերուն հասնելու համար՝ այցելեցէք հեղինակին կայքէջը, ուր առիթը պիտի ունենաք ձեր վճարումը կատարելու իբրեւ Արցախին յղուած նուիրատուութիւն, ընտրելով Հայկական հիմնադրամը կամ CAMAM-ը որպէս նպաստընկալ։

    • բաժին
    • Պուրպատիկը հիւանդ է

    Պուրպատիկը հիւանդ է

    • Նուրին-նուրին

    Նուրին-նուրին

    • Ծաղկոց կ՚երթանք

    Ծաղկոց կ՚երթանք

    • Ձմեռ

    Ձմեռ

    • Մատիկներու պատմութիւն

    Մատիկներու պատմութիւն

    • Ծափ-ծափ-ծափ

    Ծափ-ծափ-ծափ

    • Ներկարարները

    Ներկարարները

    • Բարեկենդան

    Բարեկենդան

    • Սուրիկն ու փուչիկները - պատմութիւն

    Սուրիկն ու փուչիկները - պատմութիւն

    • Սուրիկն ու փուչիկները

    Սուրիկն ու փուչիկները

    • Ծաղիկներուն քունը

    Ծաղիկներուն քունը

    • Բմբուլիկին ճամբորդութիւնը

    Բմբուլիկին ճամբորդութիւնը

    • Նուրին-նուրին Բ

    Նուրին-նուրին Բ

    • Տուն ունիմ

    Տուն ունիմ