զատած էք՝

Արեւմտահայերէն տարբերակը հրատարակութեան պատրաստած են՝ Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան
Հրատարակիչ՝ CCM (Centre De Culture Moderne)
Հրատարակութեան թուական՝ 2001
Էջերու քանակ՝ ընդհանուր 320
Մշակութային առաջին հանրագիտակս
Հանրագիտարան
Բոյս մը ինչերէ՞ կը բաղկանայ
Բոյս մը կը բաղկանայ հետեւեալ մասերէ. արմատներ, ցօղուն, տերեւներ ու ծաղիկներ։ Արմատներ զայն կը հաստատեն հողին մէջ ուրկէ կը ներծծեն ջուր ու սննդանիւթ։՝ Կարգ մը արմատներ ուռուցիկ են, ուրիշներ՝ բարակ ու երկար։ Տերեւները ցօղունին վրայ ամրացուած են իրենց կոթուններով։ Ծաղիկներու պարագային, փերթերն ու թերթերը կը շրջապատեն որձաներն ու իգաները որոնք կը ծառայեն բուսական սերնդագործութեան։
«Մշակութային իմ առաջին հանրագիտակս» տասը հատորներով շարքին իւրաքանչիւրը նիւթի մը հանրագիտարանն է։ Բոլոր էջերը գունաւոր լուսանկարներով եւ բացատրական գծանկարներով ճոխացած են եւ նախատեսուած է դպրոցական տարիքի աշակերտներու համար։
Բացի դպրոցականներէն, իր գիտելիքներով շարքը նաեւ կը գոհացնէ բոլոր տարիքի ընթերցողները։ Մանաւանդ հարուստ աղբիւր է արեւմտահայերէն եզրերու համար, որ կարելի է գործածել զանազան ծրագիրներու համար։
Շարքին հատորներն են՝
- Մանուկներու պարտէզը
- Կենդանական աշխարհ
- Մարդկային մարմին
- Ինչպէ՞ս շինուած է
- Ինչպէ՞ս կ՚աշխատի
- Համակարգիչ
- Գիտութիւն
- Ատլաս
- Երկիր մոլորակը
- Տիեզերք
- տեսնել
- գտնել



Գիրքը գնելու համար, դիմել՝ Հրաչ Սեփեթճեանին, hrsepp@gmail.com
Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Ալնիս Բալնիս
Տեսերիզներու շարք

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա
Առցանց հանրագիտարան

Գիտութիւն
Դասագիրքերու շարք
