զատած էք՝

Հեղինակ՝ Արեւիկ Արոյեան, Լեւոն Բաղդասարեան, Անուշ Տէր-Խաչատրեան
Նկարազարդող՝ Լեւոն Բաղդասարեան, Արեւիկ Արոյեան
Արեւմտհայերէն գրութիւն՝ Կարպիս Վիզոյեան
Էջերու քանակ՝ 158
Հրատարակիչ՝ Yelling Studio, Թումո
Հրատարակութեան թուական` 2020
Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն
Շարանկար
«Սիրելի՛ Եզնիկ եւ Կորիւն,
Շնորհակալ եմ նախագիծին մէջ ձեր ունեցած ներդրումին համար։ Այս ամէնը իրականացնելը անկարելի պիտի ըլլար։ Լա՛ւ, կ՚ըլլար, բայց թերեւս աւելի դանդաղ կամ թերի։ Հիմա վերջապէս կրնաք ըմբոշխնել ձեր վաստկած հանգիստը։ Նամակին մէջ կը գտնէք արձակուրդի երկու տոմս՝ Վաղարշապատեան բոլոր հանգստեան ծառայութիւնները վայելելու համար։
Վայելեցէ՛ք,
Մաշտոց»։
Եզնիկ եւ Կորիւն երկու աշակերտ են, շատ հին, ոչ այդքան ճշգրիտ ժամանակի մը մէջ։ Երկու ընկերները կը փորձեն օգնել Մաշտոցին, որպէսզի յաջողցնէ իր մեծ ծրագիրը։ Արկածներու մէջէն անցնելով, երկու ընկերները եւ իրենց ուսուցիչը պիտի կարենա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։ Իսկ մենք անոնց պատմութիւնը կարդալու ատեն, որքա՛ն պիտի ծիծաղինք։
«Մաշտոց» շարանկարը օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- ներբեռնել




Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Այն օրը, երբ...
Մանկապատանեկան վիպակ
Շահինեան Յասմիկ
