զատած էք՝

Ջորջօ Ագամբէն
Homo Sacer: Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը
Մարկ Նշանեան
Յայտնութենական մտածողութիւն մը
Հեղինակ՝ Ջորջօ Ագամբէն
Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 403
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2020
Գերիշխան տիրակալութիւնը եւ մերկ կեանքը
Փիլիսոփայական
«Այդ առումով՝ կարելի է ըսել որ կենսաբանական մարմնի արտադրութիւնը գերիշխանութեան սկզբնական արարքն է։ Այդ առումով կրկին՝ կենսաքաղաքականութիւնը առնուազն նոյնքան հին է որքան գերիշխան բացառութիւնը։ Կենսաբանական կեանքը տեղաւորելով իր հաշիւներուն կեդրոնը, արդի պետութիւնը ուրիշ բան չ՚ըներ եթէ ոչ լոյս աշխարհ բերել տիրակալութիւնը մերկ կեանքին միացնող գաղտնի հանգոյցը...»։
Հայերէն լեզուով առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ իտալացի յայտնի փիլիսոփայ Ջորջօ Ագամբէնի այս հանրածանօթ գործը (1995ի հրատարակուած), Մարկ Նշանեանի թարգմանութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։ Հատորը բազմաթիւ ծանօթագրութիւններ կը պարունակէ, որոնք ընթերցողին յաւելեալ բացատրութիւններ կը մատուցեն։
Հատորին վերջաւորութեան դրուած է «Յայտնութենական մտածողութիւն մը» վերնագիրով վերջաբան մը թարգմանիչին կողմէ, որուն երկայնքին ուսումնասիրուած է Ագամբէնի մտածողութեան կապակցութիւնը Միշէլ Ֆուկոյի, Կարլ Շմիտի եւ Վալտեր Բենիամինի հետ։
Հատորը կ՚ընդգրկէ նաեւ Ֆրանց Կաֆկայի «Օրէնքին առջեւ» կտորը, բնագիրէն թարգմանուած։
- տեսնել
- գտնել


Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Սեռականութեան պատմութիւն
Փիլիսոփայական

Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան
Պատմուածքներ
Բատիկեան Քրիստիան
