զատած էք՝

Հեղինակ՝ Գրիգոր Պըլտեան
Էջերու քանակ՝ 530
Հրատարակիչ՝ Փրինթինֆո
Հրատարակութեան թուական` 2012
Շրջում
Վէպ
*Յայտնուեր էր ցամաքամասի գիծը, մօտեցեր, հետզհետէ մօտեցեր եւ մէկէն բոլոր վերադարձները նոյնացեր էին, վերածուեր էր ինք անդադրում վերադարձողին, անոր որ ի զուր կը փնտռէր տեղ ու հանգիստ... (էջ 249)
Սառա կ՚որոճար նոյնին վերադարձի առասպելը, հապա ի՞նչ, առասպել է, տեսակ մը դարձող, շրջագայող երկինքներու շրջափոխութիւն, ընդունէ՛ անմտածելի, աներեւակայելի, խնդրեմ, խնդրեմ, միթոս է որպէսզի մտածուի ուրիշ բան մը, եթէ վերադարձ չըլլայ ժամանակ չկայ, գիտցիր, միթոսը մտածելու ձեւ մըն է, պատումն ալ մտածելու ձեւ մըն է, անոր ըլլալու կերպը, ոչ կաղապարը, բանակերպը։ Կը քայքայէ միթոսը։ Իսկ ինչ որ կը վերադառնայ այնքան տարբեր է մտածուածէն, այնքան սարսռազդեցկ ու ցնորեցուցիչ որ կ՚ընկլուզէ քեզ։ (էջ 46)*
Շրջում Գիրգոր Պըլտեանի վիպաշարքին 7րդ միաւորն է։ Այս վէպէն սկսեալ՝ շարքը անուն կը ստանայ՝ «Գիշերադարձ» եւ ժանրային յատկանշում մը, քանի որ միաւորները կը ներկայացուին այլեւս որպէս «պատումներ»։ Տարին՝ 1968, քիչ մը առաջ, քիչ մը ետքը։ Մայիսեան յեղափոխութենէն առաջ եւ վերջ։ Փարիզի պատերուն վրայ գրուած պատգամները տեղ տեղ կ՚երեւին վէպին մէջ։ Պատմասանը Փարիզ եկեր է ապրելու, փիլիսոփայութեան ուսանող է, կը պառկի իր ուսուցչուհիին հետ, որ համալսարանի փրոֆեսոր է ու Նիցչէի մասնագէտ։ Վէպին կեդրոնը զետեղուած է վերադարձ մը, առաջին վերադարձ մը։ Կերպարը կ՚որոշէ Պէյրութ վերադառնալ։ Այդ առաջին վերադարձով, որ տակաւին շրջադարձ չէ ու գիշերադարձ չէ, բոլորակի մը կէսը ընդգրկած է արդէն իսկ, կտրած անցած է, շրջած է։ Կերպարը վերադարձողն է, ըստ էութեան։ Չ՚ապրիր առանց վերապրելու։ Վերադարձի վայրկեանէն սկսեալ՝ ամէն մէկ տեսարան որուն մէջ ինքը կը գտնուի իր աչքին կը յայտնուի որպէս ենթադրաբար ատկէ առաջ ապրուած ուրիշ տեսարանի մը, կամ նոյն տեսարանին վերյառնումը։ Մեկնիլը ժամանակին տէրը դառնալ է. «...պարտադրեց ինքն իրեն այս տարագրութիւնը...»։ Ու ժամանակի կրկնաւորումով ժամանակի տիրապետութիւնը լեզուի տիրապետութիւնն է նաեւ, «ամեն ինչ կը լսէ կրկնապատկուած հնչեղութեամբ»։ Գրող դառնալու ճամբուն վրայ է։ Վէպին նիւթը առիթ կ՚ընծայէ նաեւ մտորելու Նիցչէի «յաւիտենական վերադարձ»ի ուսմունքին շուրջ։
«Շրջում» գիրքը հրատարակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան օժանդակութեամբ։
- տեսնել
- գտնել


Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Տարմ
Քննադատական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու հատոր
Պըլտեան Գրիգոր
