զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝

    Հեղինակ՝ Յակոբ Չոլաքեան
    Հրատարակիչ՝ Ասողիկ
    Հրատարակութեան թուական՝ 2017
    Էջերու քանակ՝ 215

    Արեւմտահայերէնի քերականութիւն - Ա.
    Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն
    *Միավանկ եւ մէկուկէս վանկանի բառերու յոգնակին Արդի հայերէնի մէջ միավանկ գոյականներու յոգնակերտը եր մասնիկն է: Ըստ օրէնքի՝ բոլոր միավանկ բառերը

    Միավանկ եւ մէկուկէս վանկանի բառերու յոգնակին Արդի հայերէնի մէջ միավանկ գոյականներու յոգնակերտը եր մասնիկն է: Ըստ օրէնքի՝ բոլոր միավանկ բառերը յոգնակի կ’ունենան եր-ով. արտ-արտեր, բերդ-բերդեր, դար-դարեր, աչք-աչքեր, մեղք-մեղքեր, վէրք-վէրքեր եւ այլն: Նկատի ունենալ – Արեւմտահայերէնի մէջ յոգնակին, ի հակադրութիւն արեւելահայերէնի, կը կազմուի առանց ու եւ ի թոյլ ձայնաւորներու հնչիւնափոխութեան. Ու՝ ջուր-ջուրեր, տուն-տուներ, թուղթ-թուղթեր, սուր-սուրեր: Արեւելահայերէնի մէջ գրեթէ պարտադիր է ու-ի սղումը՝ ջրեր, տներ, թղթեր, սրեր, բայց կան քանի մը անհնչիւնափոխ բառեր եւս՝ թուրք-թուրքեր, ռուս-ռուսներ: Արեւելահայերէնի քուրդ-քրդեր յոգնակիի դիմաց արեւմտահայերէնը ունի քիւրտեր:

    Յակոբ Չոլաքեանի աշխատութիւնը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի գոյական, ածական, թուական եւ դերանուն խօսքի մասերուն ձեւաբանութիւնն ու շարահիւսական իւրայատկութիւնները: Լայնօրէն կը քննէ կանոնակարգման հարցերը՝ անդրադառնալով գոյութիւն ունեցող տարաբնոյթ տարբերակներուն ու բազմաձեւութիւններուն, որոնցմէ ոմանք կու գան արեւմտահայերէնի ակունքներէն, իսկ ուրիշներ թափանցած են խօսակցական լեզուէն: Նախատեսուած է լեզուաբաններուն եւ հայերէնի տարրական քերականութեան ծանօթ բոլոր հետաքրքրուողներուն համար: