զնտուկ

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

  • գրել
  • դիտել
  • ընթերցել
  • լսել-երգել
  • խաղալ
  • յայտնաբերել
  • կրթական ծրագիր
տարիք
նիւթ
փնտռել
  • 0-6
  • 6-8
  • 8-12
  • 12-14
  • 14-18
  • 18-էն վեր
  • խաղ
  • կայքէջ
  • գրականութիւն
  • շարժապատկեր
  • կրթական ծրագիր
  • փիլիսոփայութիւն
  • գիտութիւն
  • երաժշտութիւն
  • շարանկար
  • բնութիւն
  • ուղղագրիչ
  • թուաբանութիւն
  • գրական մամուլ
  • բառարան
  • կիրարկիչ
  • ամառնային ծրագիր
  • գրադարան
  • ամառնային աշխատանոց
  • ձեռնարկ
զատած էք՝
    Արաս
    Հրատարակչատուն
    «Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993-ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»: Երեք

    «Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993-ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»:

    Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող իր գործունէութեամբ, «Արաս» հրատարակչութիւնը հանդիսացած է կամուրջ մը տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներուն միջեւ։ Զանազան լեզուներով գիրքեր ունեցող «Արաս» հրատարակչատունէն 200-էն աւելի գիրքեր լոյս տեսած են, որոնցմէ 70-էն աւելին հայալեզու են։

    Աշխարհի ամենէն կարեւոր արեւմտահայերէն գիրք հրատարակող կառոյցներէն մէկը ըլլալով, «Արաս» հրատարակչատունը հայ մշակութային արժէքները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու առաքելութեամբ կ՚աշխատի։ Առաւել եւս՝ նոր հետազօտութիւններ եւ գրական գործերու արտադրութիւնը խրախուսող հաստատութիւն մըն է։

    «Արաս»-ի հայերէն գիրքերու գրացանկը շատ տարբեր մարզերու պատկանող վերնագրեր կ՚ընդգրկէ. բանաստեղծութիւն, բառգիրք, շարանկար, երգիծական գրականութիւն, խոհագիրք, մենագրութիւն, յուշագրութիւն, յուշամատեան, ուղեգրութիւն, պատմուածք, լուսանկար, վէպ, վկայագրութիւն, քրոնիկ, օրագրութիւն։

    «Արաս» ունի նաեւ մանկական գրացանկ մը, որուն հեղինակներու շարքին են՝ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան, Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, Փայլինէ Թովմասեան, եւ ուրիշներ։ Որպէս նոր նախաձեռնութիւն, «Արաս»-ի կողմէ հիմնուած է Հիփփօ Գիրք մանկական գիրքերու մատենաշարը։

    Արաս հրատարակչատան որոշ գիրքեր հրատարակուած են Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան օժանդակութեամբ։